Փանամայի երիտասարդներուն համաշխարահին հաւաք Փանամայի երիտասարդներուն համաշխարահին հաւաք 

Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Փանամա Առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը

Հրապարակուեցաւ ֆրանչիսկոս Պապին, 23-էն 28 յունուար 2019ին, դէպի Փանամա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, երիտասարդներուն համաշխարահային 34-րդ օրուան առթիւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հրապարակուեցաւ ֆրանչիսկոս Պապին, 23-էն 28 յունուար 2019ին, դէպի Փանամա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, երիտասարդներուն համաշխարհային 34-րդ օրուան առթիւ:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած Նորին Սրբութեան Փանամայի առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրին մէջ նշուած է.

23 յունուար 2019-ի առաւօտեան ժամը 9,35ին, Նորին Սրբութեան փոխադրող օդանաւը Հռոմի միջազգային օդակայանէն թռիչք կ՝առնէ դէպի Փանամայի Թոլումեն միջազգային օդակայան, ուր ժամանումը նախատեսուած է միեւնոյն օրը յետմիջօրէին՝ ժամը 4,50-ին: Օդակայանի մէջ կայանալիք բարի գալուստի արարողութենէն ետք Սրբազան Հայրը կը փոխադրուի Փանամայի Պապական նուիրակութեան պալատ:

Հինգշաբթի, 24 յունուարին՝ առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի Փանամային հանրապետութեան նախագահին հետ որմէ ետք-Փանամային արտաքին գործոց նախարարութենէ ներս ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի երկրի քաղաքացիական իշխանութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը:

Յետմիջօրէին, ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի անուան եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Կեդրոնական Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն հետ, ապա ժամը 5,30ին- Փանամային Սանթա Մարիա Լա Անթիակա դաշտին վրայ պիտի նախագահէ երիտասարդներուն համաշխարհային 34-րդ օրուան բացման արարողութեան:

Ուրբաթ, 25 յունուար 2019-ին, առաւօտեան 10,30ին, Փանամայի անչափահասներու բանտին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ խոստովանանքի խորհուդդը պիտի մակակարէն կարգ մը երիտասարդ բանտարկեալներուն որմէ ետք պիտի ուղղուի Պապական նուիրակութեան պալատ, հուսկ յետմիջօրէին- 5,30-ին, պիտի նախագահէ երիտասարդներուն համար կազմակերպուած Ճանապարհ Խաչի արարողութեան:

Շաբաթ, 26 յունուարին, Առաւօտեան- Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան ներկայութեամբ Փանամային կղերական դասի կրօնաւորներուն եւ աշխարական շարժումներուն անդամներուն:

Սրբազան Հայրը ապա կէսօուան ճաշը պիտի կատարէ Սան Խօսէ Նորընծայարանին մէջ հուսկ՝ երեկոյեան ժամը 6,30ին, պիտի նախագահէ երիտասարդներուն համաշխարհային օրուան աղօթք – հսկում արարողութեան:

Կիրակի 27 յունուարին, առաւօտեան ժամը 8,00ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը կը նախագահէ երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագին արարողութեան

որէնէ ետք պիտի այցելէ Բարի Սամարացի անուան գաղթավայրի մէջ գտնուող գաղթականները : Յտեմիջօէրին: ժամը 4,30ին- ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքը կազմակերպող կամաւորներուն հետ՝ Ռոմմերլ Ֆերնանտեզ մարզադաշտին մէջ:

Երեկոյեան ժամը 6,00ին Փանամային միջազգային օդակայանին մէջ կայանալիք հրաժեշտի արարողութենէ ետք Սրբազան Պապ հրաժեշտ առնելով Փանամայէն վերադարձ կը կատարէ Վատիկան, ուր ժամանումը նախատեսուած է Երկուշաբթի, 28 յունուարին առաւօտեան 11,50-ին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2018, 10:09