Որոնել

Վենետիկը  կարմիր գոյնով լուսաւորուած Վենետիկը կարմիր գոյնով լուսաւորուած  

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը կարմիր գոյնով լուսաւորուած յուշարձաններու ձեռնարկի առթիւ:

Կրօնային ազատութիւնը մարդուն հիմնական իրաւունքներէն մին է:

Վենետիկի Լատինաց Պատրիարքութեան, Վենետիկի կարեւորագոյն յուշարձանները կարմիր գոյնով լուսաւորելու ձեռնարկին առթիւ, Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, Վենետիկի պատրիարքին յղեց պատգամ մը որուն մէջ, կարեւոր ու նախախնամական նկատած է Վենետիկի Պատրիարքութեան եւ «տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ ձեռնարկուած վերոնշեալ ծրագիրը՝ լուսարձակի տակ առնելու համար աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաները ինչպէս նաեւ կրօնային ազատութեան դէմ գործադրուած բռնաբարումի արարքները , որովհետեւ գրած է ծիրանաւորը աշխարհի մէջ կան կարգ մը երկիրներ, ուր պարտադրուած է մէկ կրօնք  իսկ այլ կարգ մը երկիրներու մէջ ականատես ենք բռնի հալածանքերուն, ինչպէս նաեւ Յիսուսի աշակերտներուն դէմ կատարուած մշակութային ծաղրանքի արարքներուն: Կարիդնալ Փորոլին շեշտած է կրօնային ազատութեան իրաւունքի կարեւորութիւնը հաստատելով, թէ կրօնային ազատութիւնը մարդուն հիմնական իրաւունքներէն մին կը նկատուի, որուն միջոցաւ կը յայտնաբերուի մարդու գերագոյն արժանապատուութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2018, 11:19