Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կէուարկիս Գ Պատրիարքը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կէուարկիս Գ Պատրիարքը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կէուարկիս Գ Ասորիներու Կաթողիկոս Պատրիարքը։

«Մենք կը բաժնեկցինք մեծ տառապանքը որուն թիրախ են Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներն ու քոյրերը» ըսաւ Սրբազան Հայրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 9 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Կէուարկիս Գ ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Ունկնդրութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ առանձնական հանդիպում ապա պատուիրակութեան անդամներու ներկայացում ու նուէրներու փոխանակում հուսկ  Վատիկանի Ռետեմթերիս Մաթեր մատրան մէջ տեղի ունեցաւ միասնական աղօթքի պահ մը։

Ունկնդրէ լուրը

Արեւելեան Ասորի Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Պօղոս առաքեալի խօսքերով  ողջունեց ներկաները ըսելով «Խաղաղութիւն բոլոր եղբայրներուն,  սէր ու հաւատք, Աստուծոյ մեր Հօր ու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի»,  ապա ակնարկեց երկու տարիներ առաջ իրենց միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ինչպէս նաեւ անցեալ 7 յուլիսին՝ Պարի քաղաքին մէջ կայացած այլ հանդիպումին՝ Միջին Արեւելիքի խաղաղութեան համար աղօթքի ձեռնարկին առթիւ։

«Մենք կը բաժնեկցինք մեծ տառապանքը որուն թիրախ են Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներն ու քոյրերը» ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ անոնք  «Յիսուսի հետքերուն  վրայ կ՛ապրին «խաչի ճանապարհը», ու նոյնիսկ եթէ իրարմէ տարբեր հասարակութիւններու կը պատկանին անոնք իրար մէջ կը հաստատեն եղբայրական կապեր դառնալով միութեան վկաներ։

Միացած աղօթքի մէջ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։ 

«Մենք միասին աղօթեցինք այդ տառապանքի աւարտին համար, Տիրոջմէ հայցելով Միջին Արեւելիքի համար խաղաղութեան պարգեւը, յատկապէս Իրաքին եւ Սուրիոյ համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Երկու եկեղեցիներու միջեւ ստեղծուած աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբին ու անոր գործունէութեան  մաղթանք յայտնելով որ այդ աշխատանքը նպատսէ հասնելու համար սպասուած նպատակին՝ այն է «նոյն խորանին վրայ մատուցել Տիրոջ զոհը»։

«Այս ուղեւորութիւնը մեզ կը մղէ յառաջ նայելու ու կը պահանջէ նաեւ ապրելու անցեալի յիշատակը որպէսզի ներշնչուինք անցեալի վկաներէն» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը յիշելով՝ Արեւելեան Ասորի աւանդութեան ամենայայտնի գրողներէն մին՝  Ապտիշօ Պար Պերիքա Մետրոպոլիտը որուն կը յիշատակուի  մահուան 700 ամեակը, ապա ուրախութիւն յայտնեց որ Աոսրի Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը եւս իր մասնակցութիւնը  կը բերէ Արեւելեան «կաճառի» կազմակերպած միջազգային գիտաժողովին, մաղթանք յայտնելով որ ուսմունքը եւս առիթ հանդիսանայ աւելի մօտէն ճանչնալու Ասորի եկեղեցւոյ հարստութիւնները ու զանոնք ընկալել որպէս պարգեւ Համայն Եկեղեցւոյ համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար ու յատկապէս միասին աղօթելու համար՝ իրագործելու համար Տիրոջ իղձը «որպէսզի ամէնքը մի ըլլան, եւ աշխարհը հաւատայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2018, 12:00