Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Եղբայր Էնցօ Պիանքի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Եղբայր Էնցօ Պիանքի 

Պոզէ Վանքի հիմնադրութեան 50 ամեակին նուիրուած Քահանայապետական նամակ։

«Պոզէի առաքելութեան յանձնառումն է պատրաստել Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու միութեան ճանապարհը». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 11 նոյեմբեր 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը ուղղեց Պոզէի համամիութեան հասարակութեան հիմնադիր Եղբայր Էնցօ Պիանքիին, հասարակութեան ու վանքին հիմնադրութեան 50 ամեակին առիթով։

«1968-ին հիմնադրուած վանքը այսօր ունի 90 վանական միաբանակիցներ որոնք Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի հետքերուն վրայ պտղաբեր ներկայութիւն մըն են եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ» կը գրէ Քահանայապետը նամակին մէջ Պոզէի վանքը ներկայացնելով որպէս քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութեան վայր մը ու վայր աղօթքի, եւ հանդիպումի, ի տես հաւատքի այն հաղորդութեան ու սիրոյն որուն համար Յիսուս աղօթեց։

Սրբազան Պապը ապա կը գնահատէ վանականներու հիւրընկալութեան առաքելութիւնը որ վերապահուած է բոլորին անխտիր, ըլլան անոնք հաւատացեալ թէ ոչ, ապա ի տես ժամանակակից մարտահրաւէրներուն  միաբանութեան անդամները կը քաջալերէ միշտ աւելիով վկայելու Աւետարանական սէրը, նախ եւ առաջ իրենց միջեւ ապրելով եղբայրական հաղորդութիւնը, որ «նշանն է ապրելակերպին որուն համար կոչուած էք» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը ու կը  յանձնարարէ որ տարեցները քաջալերանք հանդիսանան երիտասարդներուն ու երիտասարդները իրենց վրայ առնեն տարեցներու բեռը ու անոնց՝ իմաստութեան եւ յարատեւութեան  անգնահատելի գանձերը,« որպէսզի սրտի մեծութեամբ ապրիք իրար եւ ուրիշներու հետ, յատկապէս յոյսի աղքատութենէ տառապողներուն հետ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ սոյն յոբելեանը կը նկատէ առիթ խորհրդածելու ու խոկալու սկզբնական կոչումի եւ առաքելութեան մասին, բոլորին վստահեցնելով իր աղօթքները՝  որպէսզի անոնք կարենան յարատեւել այդ սկզբնական կոչումի ուղիին վրայ, որ է կեանքի պարկեշտութեան միջոցաւ դառնալ Աւետարանի լուսաւոր վկաներ ու եղբայրսիրութիւնը ըլլայլ նշան այն հաղորդութեան ուր բոլորը կարող են ընկալուիլ որպէս Քրիստոսներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2018, 10:50