Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրաքի հանրապետութեան նախագահ Տիար Պարհամ Սալեհը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 24 նոյեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի առաքելական պալատին իր գրսեսնակին մէջ ընդունեց Իրաքի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Պարհամ Սալեհը: Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ՝ ներկայութեամբ այլ պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Քալլակերին:
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն յիշեալ հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտին մէջ, որուն ընթացքին քննարկուած են Սուրբ Աթոռի եւ Իրաքի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները:
Անդրադարձ կատարուած է Իրաքի քաղաքական իրավիճակին դրական զարգագումներուն մասին, ընդգծելով միջազգային ընտանիքին զօրակցութեամբ՝ միասնական ջաներու կարեւորութիւնը՝ դիմագրաւելու համար ազգային միութեան ու համերաշխութեան գործընթացին մարտահրաւէրները: Այս շրջագիծէն ներս, արժեւորուած է Իրաքի պատմութեան մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը ու անոնց դրական նպաստը՝ ընկերային խաւին վերակառուցման ի սպաս: Շօշափուած է նաեւ գաղթականներուն տուն վերադարձին հայող հարցեր:
Քննարկուած է ապա տարածաշրջանը յուզող մարդկային տագնապի ծանր հարցեր, հրամայահան նկատելով տարբեր կրօնային եւ ցեղային խաւերու միջեւ երկխօսութիւնը՝ վստահութեան եւ խաղաղ համակեցութեան վերականգման ի խնդիր:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ