Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Պաշտամունքի վայրերու մատակարարումի մասին գիտաժողովի մասնակիցներուն։

«Եկեղեցւոյ մշակութային բարիքները վկաներն են հասարակութեան մը հաւատքին, որ զանոնք արտադրեց դարերու հոլովոյթին»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 29 նոյեմբեր եւ ուրբաթ 30 նոյեմբեր  2018-ին, Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանի մէջ տեղի կ՛ունենայ պաշտամունքի վայրերու մատակարարումի մասին գիտաժողով մը, որուն բնաբանն է «Աստուած այլեւս այստեղ չի՞ բնակիր։ Պաշտամունքի վայրերու ապասեփականացում ու եկեղեցւոյ մշակութային բարիքներու համապարփակ մատակարարում»։

Վերոնշեալ գիտաժողովին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց գիտաժողովը կազմակերպող Մշակոյթի Քահանյապետական խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ ՃանՖրանքօ Ռավազիին որուն մէջ  ողջունելով ժողովականները ակնարկեց Սուրբ Պօղոս Զ եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապերու  եկեղեցւոյ մշակութային կալուածներու մասին արտայայտութիւններուն, հաստատելով թէ մշակութային բարիքները մաս են աւետարանութեան ու եղբայրսիրական գործերուն որովհետեւ գործիքներ են պաշտամունքի։

«Եկեղեցւոյ մշակութային բարիքները վկաներն են հասարակութեան մը հաւատքին, որ զանոնք արտադրեց դարերու հոլովոյթին» գրեց ապա Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով գիտաժողովի աշխատանքներուն ու դիտել տալով թէ բազմաթիւ եկեղեցիներ որոնք ժամանակին անհրաժեշտ էին, այսօր, հաւատացեալներու ու կղերի պակասի բերումով դարձած են անօգուտ, ու «այս մէկը մեզ կը հրաւիրէ խոր խոկում կատարելու ու մեզ կը պարտադրէ համարելու իրողութեան։

Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարելով այս ուղղութեամբ գիտաժողովին սատարը, հրաւիրեց ներկաները նկատի առնելու որ այդ պարագաներուն ուր եկեղեցիներ կամ պաշտամունքի վայրեր այլեւս անօգուտ դարձած են  ապասեփականացումը պէտք չէ ըլլայ միակ ուղին ու հակառակ պարագային պէտք է ներառուի հովուական ծառայութեան ծրագիրէն ներս, պատշաճ ու հաւատացեալներուն հետ բաժնեկից տեղեկատուութեան մը միջոցաւ։

Պատգամի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ եկեղեցւոյ մը կառուցումը կամ անոր ապասեփականացումը պէտք չէ հիմնուին լոկ թէխնիքական կամ տնտեսական բնոյթ ունեցող գործողութիւններու վրայ, այլ հարկաւոր է զանոնք քննարկել նաեւ մարգարէական հոգիով որովհետեւ անոնցմէ է որ կ՛անցնի Եկեղեցւոյ հաւատքի վկայութիւնը՝ որ կ՛ընկալէ եւ կ՛արժեւորէ Եկեղեցւոյ Տիրոջ ներկայութիւնը պատմութեան մէջ։

Ֆրանչիսոս Պապ պատգամը եզրափակեց ժողովականներուն մաղթելով պտղաբեր աշխատանք ու բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2018, 11:25