Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց գերմանական լրագրութեան դպրոցի աշակերտները

Սրբազան Հայրդ ապա բարձր գնահատեց յիշեալ լրագրութեան դպրոցի ընթացքը աւարտած լրագրողները ըսելով, որ անոնք կը զատորոշուին՝ անհատին հանդէպ ունեցած իրենց դրական կեցուածքով ինչպէս նաեւ իրենց արհեստավարժ բարոյականութեամբ:

Վազգէն Աբարդեան- Վատիկան

Ուրբաթ, 9 նոյեմբերին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Գերմանիոյ լրագրութեան դպրոցի աւելի քան 340 աշակերտները: Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբ Սրբազան Հայրը ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց դպրոցի պատմութեան նշելով թէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ լրագրութեան դպրոցը հիմնուեցաւ 50 տարիներ առաջ, Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովէն ետք, թիկունք կանգնելու համար լրագրութեան ասպարէզէն ներս գործող աշխատաւորներուն: Սոյն դպրոցը իր հիմնադրութենէն ի վեր, կը կազմաւորէ լրագրողներ, որոնք որպէս քրիստոնեայ կը գործեն ընկերութեան մէջ ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Գերմանիան կրնայ ինքզինք բախտաւոր նկատել, գիտնալով որ այդ հաստատութեան վկայականներով բազմաթիւ լրագրողներ կը գործեն՝ ըլլայ աշխարհական ըլլայ եկեղեցական լրատու գործակալութիւններուն մէջ:

Սրբազան Հայրդ ապա բարձր գնահատեց յիշեալ լրագրութեան դպրոցի ընթացքը աւարտած լրագրողները ըսելով, որ անոնք կը զատորոշուին՝ անհատին հանդէպ ունեցած իրենց դրական կեցուածքով ինչպէս նաեւ իրենց արհեստավարժ բարոյականութեամբ:

Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրեց լրագրութեան աշակերտները Սուրբ Հոգիէն հայցել պարկեշտութիւն, ինչպէս նաեւ օգնութիւն՝ վստահելու համար Քրիստոսի ճշմարտութեան վրայ, որ բոլորս ազատ կը դարձնէ:

Ան քաջալերեց աշակերտները շրջանցելու տխրութեան եւ վհատութեան պատնէշը, օգնելու անձերը, իրենց աչքերը եւ ականջները բանալու համար յատկապէս իրենց սիրտերը՝ մէկը միւսին թիկունք կանգնելու համար եւ նկատի առնելու, որ իրենք միեւնոյն Հօր զաւակներ ու դուստրն են:

Սրբազան Հայրը խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն՝ իրենց աչքերը անձերուն վրայ սեւեռելնուն համար, ինչպէս նաեւ անարդարութիւններ իրենց անունով կոչելնուն համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բարի իրողութիւններուն մասին անոնց տուած լուրերուն ու կատարած զրոյցներուն համար, նոյնիսկ եթէ այդ լուրերը լոյս չեն տեսներ առաջին էջերուն վրայ, նկատել տուաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ այսուհանդերձ այդ լուրերուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գտնեն անհատները։ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն իրենց քրիստոնեայվայել ապրելակերպով, եկեղեցւբյ աշխատանքներուն ընկերանալնուն համար ու մաղթեց որ անոնք շարունակեն մարդոց համար մարդկային լրագրութիւնը կատարել ու խօսքը եզրափակեց խնդրելով որ չի մկռնան աղօթել իրենց համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2018, 13:00