Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ազատութեան վտանգը Աստուծոյ ամենամեծ պարգեւն է:»

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան 8-րդ փառատօնին առթիւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

22էն-25 նոյեմբեր 2018ին, Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան 8-րդ փառատօնը:

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց փառատօնի մասնակիցները ապա՝ անդրադառնալով «ազատութեան վտանգը» փառատօնի նիւթին, յայտնեց թէ «ոչ շատ քիչ անգամ,ազատութեան իղձը, որ Աստուծոյ՝ արարածին շնորհած պարգեւն է , շեղուած ձեւեր ստանալով, պատճառ դարձած է պատերազմներու, անարդարութիւններու, մարդկային իրաւունքներուն բռնաբարուներու:»

Ան Ապա դիտել տուաւ, որ որպէս Աւետարանի հաւատացեալներ, քրիստոնեաներ կանչուած ենք ուշադիր ու արթուն գտնուելու, որպէսզի ազատութեան վտանգը չի կորսնցնէ իր յանձնառու եւ գերագոյն իմաստը, աւելցնելով որ «Բոլորս պէտք ենք յանձնառու գտնուիլ՝ վերացնելու այն ինչ որ այր մարդն ու կինը կը զրկէ անոնց ազատութեան գանձէն, միեւնոյն ժամանակ վերագտնելով Աստուծոյ ՝մեզի շնորհած հասարակաց տան պաշտպանութեան համը:

Սրբազան Հայրը ապա թուեց երեք կացութիւններ, որոնց մէջ այր մարդիկ ու կիներ կարողութենէ զուրկ կ՝ըլլան իրենց սեփական ազատութիւնը արդիւնաբեր դարձնելէ :

Առաջին՝ չքաւորութիւնը, այն չքաւորութիւնը որ յառաջացած է բազմաթիւ անարդար արարքներէն, որոնք կը շարունակուին կրկնուիլ համայն աշխարհին մէջ, նաեւ մեր քաղաքներու մէջ: Չքաւորութեան շարքին է մեկուսացեալներու շահագործումը, մնացորդացի մշակոյթը:

Երկրորդ արհեստագիտութիւնը: Ազատութեան փորձառութեան վրայ այլ եղելութիւն մըն ալ բացասական ազդեցութիւն կը բանեցնէ այն է արհեստագիտութեան զարգացումը:

Արհեստագիտութեան զարգացում մը երբ զուրկ է պատասխանատուութեան, արժանիքներուն եւ խիղճի համապատասխան զարգացումէ, կը դառնայ «Թեկնիկութեան բացարձակապաշտութիւն», որ մարդու հակառակ է:

Երրորդ, մարդ արարածը սպառումի արարած վերածելու իրողութիւն է : Հոս ազատութեան վտանգումը, լոկ ցնորք կը դառնայ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ իրականութեան մէջ լոկ ազատ են այն փոքրամասնութեան մաս կազմող անձերը որոնք ունին տնտեսական եւ ֆինանսական զօրութեան իշխանութիւնը:

«Սա ազատութիւն չէ , ստրկութիւն է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով

Որ հակառակ հոսանքի դէմ քալելէ վախցող անձերու մէջ կան նաեւ շատեր, որոնք իրենց առօրեան կ՝ապրին զօրակցութեան, ընկալութեան ապրելակերպով . ասոնց է որ կը պատկանի՝ զանազան ստրկութեան ձեւերուն իսկական պատասխանները, որովհետեւ այս տեսակ մարդիկ կը շարժին, որպէս ազատ անձեր ու որոնք իղձեր կը վառեն, հորիզոններ կը բանան եւ բարիին փափաքիլ կու տան:

Սրբանան Հայրը եզրափակեց պատկերասփռուած պատգամը հաստատելով, որ ազատ ըլլալ, մարտահրաւէր մըն է՝ կայուն, հրապուրիչ մարտահրաւէր, որ քաջութիւնը ու յոյս կը ներշնչէ եւ ապագային նկատմամբ հաւատք ունի, շեշտելով նաեւ, որ աշխարհը կարիքը ունի ազատ մարդոց:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2018, 07:00