Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ակրիճենթօ Թեմին նորընծաներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ակրիճենթօ Թեմին նորընծաներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ակրիճենթօ թեմի նորընծաները:

Նորընծայարանը զատորոշումի վայրն է եւ այս մէկը ընկերակցութիւն կը պահանջէ, ինչպէս Յիսուս ընկերացաւ Էմմաուսի առաքեալներուն, մասնաւորապէս իր 12 աշակերտներուն :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 24 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ակրիճենթօ նորընծաները, ընկերակցութեամբ Մոնթենեկրօ թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Մոնթենեկրոյին: Հանդիպումի ընթացքին, ներկաներուն ուղղած սրտաբուխ խօսքէն ետք Սրբազան Հայրը յանձնեց գրաւոր պատգամը մը որուն մէջ նորընծաներուն թելադրած է Յիսուսի՝ Էմմամուսի աշակերտներուն հետ սրբանկարը, որպէս ներշնչումի աղբիւր ու ուղեւորութեան տիպար, դիտել տալով որ Յարուցեալ Յիսուսը մեր ուղեւորութեան մէջ մեզի կը հանդիպի: Ան այն ճանապարհն է, որուն վրայ իւրաքանչիւր անձ կանչուած է՝ հաւատքի եւ յոյսի ուղին ապրելու ընդգծելով, որ Յիսուս մեր խաւար եւ պայծառ ժամանակները կը ճանչնայ:

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ անդրադարձաւ է ունկնդրութիւն բառին, յայտնելով որ Ատուած Բանն է , եւ միեւնոյն ժամանակ լռութիւնն է, որ մեզի մտիկ կ՝ընէ: Յիսուս, երբ Էմմաուսի աշակերտներուն յայտնուեցաւ, Ան անոնց մօտիկ քալեց՝ ունկնդրելով զանոնք եւ քաջալերելով՝ դրսեւորելու իրենց յոյսերն ու յուսախաբութիւնները: Նորին Սրբութիւն յարեց սա կը նշանակէ, թէ նորընծայարանի կեանքին մէջ առաջնակարգ է Տիրոջ հետ երկխօսութիւնը, որ մեզի մտիկ կ՝ընէ, դիտել տալով որ սրտի լռութեան մէջ կայացած ՝ աղօթքի ունկնդրութիւնը մեզ կը դաստիարակէ կարող դառնալու՝ ուրիշները անսալու, ինչպէս նաեւ ունկնդրութեան ծառայութեան քահանաները ըլլալու:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ զատորոշում բառին յայտնելով, որ նորընծայարանը զատորոշումի վայրն է եւ այս մէկը ընկերակցութիւն կը պահանջէ, ինչպէս Յիսուս ընկերացաւ Էմմաուսի առաքեալներուն, մասնաւորապէս իր 12 աշակերտներուն : Յիսուս համբերութեամբ եւ իմաստութեամբ կ՝ընկերանայ իր աշակերտներուն, զանոնք կը դաստիարակէ ճշմարտութեան մէջ ընթանալու, դիմակազերծելով անոնց սրտերուն մէջ կրած խաբուսիկ ակնկալութիւնները:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ նաեւ, որ քահանայական կեանքին մէջ ծագած բազմաթիւ հարցեր, ընդհանրապէս հետեւանքն է նորընծայարանի տարիներուն զատորոշումի պակասին, հաստատելով որ կոչումի խորհուրդն ու զատորոշումը Սուրբ Հոգիին գլուխ գործոցն է- որ կը պահանջէ՝ կանչուած երիտասարդին գործակցութիւնը ինչպէս նաեւ նորընծան առաջնորդող չափահասին գործակցութիւնը:

Ի Վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ առաքելութիւն բառին դիտել դալով, որ երիտասարդներուն սիւնհոդոսը, բարձր արժէքաւորեց առաքելութեան սիւնոդասական ծաւալը: Այսինքն ուրիշներուն հանդիպիլ, միասնաբար ընթանալով: Ան նկատել տուաւ որ Էմմաուսի աշակերտները Երուսաղեմ վերադարձան՝ միասնաբար միացան առաքեալներուն հասարակութեան, հաստատելով որ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, ամէն ինչ առաքելական կը վերածուի:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց շեշտելով Էմմաուսի աւետարանական սրբանկարին մէջ պարունակուած յորդորները. ընթանալ, ունկնդրել- զատորոշել եւ միասին ընթանալ: Ան ապա հայցեց Տիրոջմէ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն, որ առաջնորդէ նորընծաներն ու բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2018, 12:31