Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը քահանայապետական գիտութիւններու կաճարին:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ընկերութեան եւ գիտութիւններուն արձանգրած արագընթաց յառաջդիմութիւններուն, նկատել տալով որ գիտութեան հասարակութիւնը մաս կը կազմէ ընկերութեան եւ կոչուած է ծառայելու մարդկային ընտանիքին ու անոր համապարփակ զարգացման:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական գիտութիւններու կաճարին տարեկան ընդհանուր նիստին առիթով, երկուշաբթի, 12 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց յիշեալ նիստի մասնակիցները:

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով գիտութեան ոլորտէն ներս արձանագրուած բարձր յառաջդիմութիւններուն ու անոնց ընկերութեան վրայ ունեցած դրական ազդեցութիւններուն, նկատել տուաւ, որ նաեւ ժողովուրդները իրենց արժանիքներով ու սովորութիւններով կ՝ազդեն գիտութեան վրայ: Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ներկաները յաւելեալ ուշադրութիւն ցուցաբերել այն հիմնական բարիքներուն, որոնք կը գտնուին ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութեան հիմքին մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան եւ գիտութեան, սատարելով իւրաքանչիւր մարդ էակի եւ ընդհանուր բարիքի համապարփակ գործընթացին:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ընկերութեան եւ գիտութիւններուն արձանագրած արագընթաց յառաջդիմութիւններուն, նկատել տալով որ գիտութեան հասարակութիւնը մաս կը կազմէ ընկերութեան եւ կոչուած է ծառայելու մարդկային ընտանիքին ու անոր համապարփակ զարգացման:

Ան ապա ակնարկեց աշխարհը յուզող կարգ մը հարցերուն, որոնց շարքին կլիմայի փոփոխութեան տագնապը, հիւլէական զէնքի սպառնալիքը ու այս առնչութեամբ ընդգծեց, հիւլէական զէնքէ զուրկ աշխարհի մը յանձնառութիւնը, վերանորոգելով Իրեն նախորդ՝ Սուրբ Պօղոս Զ եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ  Պապերուն՝ գիտնականներուն հասցէին ուղղուած հրաւէրը,  այն է համագործակցիլ պետութիւններուն հետ, համոզել անոնց հիւլէական զէնքի բարոյական անընդունելիութիւնը՝ մարդկութեան եւ երկրագունդին անդարմանելի վնասներ պատճառելուն համար:

Նորին Սրբութիւնը, կլիմային փոփոխութեան հարցերու լուծման համար անհրաժեշտ նկատեց ապահովել մոլորակի եւ ժողովուրդներու առողջութիւնը, որ խաթարուած է մարդկային այն գործողութիւններէն, որոնք կ՝օգտագործեն հանածոյ վառելանիւթեր եւ կը փճացնեն անտարները:

Գիտութեան հասարակութիւնը այնպէս ինչպէս նուաճումներ արձանագրած է վտանգները բացայայտելու գործընթացէն ներս, այսպէս նաեւ կոչուած  է այդ վտանգներուն լուծումները գտնելու ու համոզելու պետութիւններն ու ղեկավարները՝ հետապնդելու այդ լուծումները:
Նորին Սրբութիւնը ապա գնահատեց քահանայապետական գիտութեան կաճարի ձեռքբերած նոր գիտելիքները, դիմագրաւելու համար աշխարհի ընկերութեան վէրքերը ինչպէս մարդավաճառութեան, բռնի աշխատանքի հարցերը, դիտել տալով որ տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք::
Ան ընդգծեց թէ եկեղեցին ոչ մէկ բան կ՝ակնկալէ գիտութենէն եթէ ոչ լոկ ՝ հետեւիլ բարոյական սկզբունքներուն, որ է մարդ էակի անգին ժառանգութիւնը: Եկեղեցին կ՝ակնկալէ դրական ծառայութիւն մը, զոր Սուրբ Պօղոս Զ ի հետ կրնանք կոչել գիտութեան եղբայրսիրութիւնը:

«Սիրելի գիտնականներ եւ գիտութեան բարեկամներ ձեզի յանձնուած է գիտութեան բանալին: Ձեր մօտ պիտի ուզէի ժողովուրդներու փաստաբանը ըլլալ, որոնց հեռուէն եւ հազուադէպօրէն կը հասնին ձեր մարդկային լայն գիտութեան նպաստները՝ յատուկէն կրթական, սննդարարութեան, խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան ոլորտէն ներս արձանագրուած յաջողութիւնները:

Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց իր խօսքը դիտել տալով, որ  գիտնականներուն որոնումի աշխատանքները,  արդիւնաբեր պիտի դառնան այն ժամանակ երբ մոլորակի ժողովուրդները յագենան եւ առողջանան,  այն ժամանակ երբ ժողովուրդներու քաղաքականութիւնը ու տնտեսականութիւնը անոնցմէ պիտի քաղեն ցուցմունքներ ՝ վստահութեամբ յառաջ ընթանալու, դէպի ընդհանուր բարիք, ի շահ աղքատներուն, կարիքաւորներուն ինչպէս նաեւ  ի շատ մոլորակին հանդէպ յարգանքի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2018, 13:29