Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցելութիւնը աղքատներու բուժարանին:

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցելութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառեց աղքատներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 16 նոյեմբերին՝ յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ այցելութիւն տուաւ, աղքատներու համաշխարհային Բ օրուան առիթով, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած բուժարանի աղքատներուն, հիւանադապահներուն ու բժիշկներուն:

Անդրադառնալով Նորին Սրբութեան յիշեալ անակնկալ այցելութեան, Նոր աւետարանացումի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա յայտնեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապի անակնկալ այցելութիւնը  մեծ ուրախութեամբ ընկալուեցաւ աղքատներուն կողմէ, որոնք ամէն ջանք թափեցին Պապին շուրջը հաւաքուելու:

Քահանայապետը մէկիկ մէկիկ ողջունելէ ետք բոլորին,  ուզեց մօտէն ճանչնալ կամաւորներուն ու կամաւորուհիներուն աշխատանքը։

Սրբազան Պապին սոյն այցելութիւնը,  զօրակցութեան եւ քրիստոնէական եղբայրսիրութեան մեծ ժեսթ մը հանդիսացաւ, զոր Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց անձամբ վկայել:

Աղքատներուն տրամադրուած բուժարանի մէջ գործող բժշկուհի մը խօսելով Սրբազան Պապին անակնկալ այցելութեան մասին յարեց, թէ ֆրանչիսկոս Պապ ինքն է սէր փոխանցողը աղքատներուն, ինչպէս նաեւ ուշադրութիւն ցուցաբերողը՝ սիրոյ կարիք ունեցող անձերո

Նշենք, թէ անցեալ 12 նոյեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակը վրայ կառուցուած բուժարանը ունի 8 սենեակներ։ Ան օրական կը գործէ 14 ժամ ՝8-էն մինչեւ գիշերուան ժամը 10: Բուժարանին նպատկնն է անշահախնդիր բժշկական օգնութիւն տրամադրել կարիքաւորներուն եւ աղքատներուն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2018, 09:06