Գաղթականներէ առնուած լուսանկար: Գաղթականներէ առնուած լուսանկար: 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը գաղթականներու համաշխարհային 8-րդ ընկերային վեհաժողովին մասնակիցներուն:

Մնացորդացի մշակոյթը այսօրուան աշխարհին հիւանդութիւնն է։

2-էն-4 նոյեմբեր 2018-ին, Մեքսիքոյի մէջ կը գումարուի գաղթականներու համաշխարհային 8-րդ ընկերային վեհաժողովը, որուն այս տարուան բնաբանն է «գաղթել, դիմադրել , կառուցել եւ կերպարանափոխել»:

Վեհաժողովին բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Մեքսիքոյի թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քարլոս Ակուիար Ռեթես , Մեքսիքոյի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ֆրանքօ Քոփփոլին: Մինչ վեհաժողովին հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացումի ժողովին գաղթականներուն եւ փախստականներուն բաժանմունքի ենթաքարտուղար՝ հայր Միքայել Չզերնին:

Վերոնշեալ վեհաժողովին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբացան Պապը, պատգամ մը յղեց ժողովի մասնակիցներուն ուր կը շեշտէ թէ մնացորդացի մշակոյթը այսօրուան աշխարհին հիւանդութիւնն է։

Սրբազան հայրը նկատել կու տայ որ ընկերութեան արմատական փոփոխութիւն կատարելու համար անհրաժեշտ է հրաժարիլ այն բոլոր անարդարութիւններէն որոնք իրենց արդարացումը կը փնտռեն մնացորդացի մշակոյթին մէջ ՝ժամանակակից աշխարհի վարակիչ հիւանդութիւնը, որուն հակադարձելու համար Սրբազան Հայրը կը յորդորէ ձայն տալ խոցելի անձերուն ՝ գաղթականներուն, բռնաբարուածներուն, աղքատներուն շահագործելով անոնց կարողութիւններն ու ձգտումները, կառուցելու համար ներառական, ադար ընկերութիւն մը որ կարող է արժանապատուութիւն վերադարձնել բոլոր անոնց որոնք կ՝ապրին անկայուն վիճակի մէջ եւ կարող չեն աւելի լաւ աշխարհ մը երազելու:

Ինչ կը հայի վեհաժողովի այս տարուան նիւթերուն, որոնք առնչուած են ժամանակակից գաղթականութեան հարցերուն, սրբազան հայրը դիտել կու տայ թէ միջազգային ընտանիքը յանձնառու է երկու գործընթացի մէջ, որուն նպատակն է որդեգրել երկու համաշխարհային համաձայնութիւնները մէկը հայող ՝ ապահով գաղթականութեան, օրինաւոր ու կարգաւորուած իսկ երկրորդը հայող փախստականներուն եւ այս իրականացնելու համար Սրբազան հայրը անհրաժեշտ կը նկատէ բոլոր ազգերուն ներդրում, բոլոր դերակատարներու ջանքերու համադրումը որոնց շարքին է նաեւ եկեղեցին:

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց «Մարդկային համապարփակ զարգացումի քահանայապետական բաժանմունքի գաղթականութեան հայող հրապարակուած 20 կեդրոնական կէտերուն, որոնք դիտել տուաւ Քահանայապետը կը համապատասխանեն նաեւ քաղաքացիական ընկերութիւններու կազմակերպութիւններու յայտարարութիւններուն «սատարելու Միացեալ Ազգերու կողմէ սկիզբ տրուած գործընթացին եւ որոնք յատկանշուած են չորս բայերով « ընկալել, պաշտպանել. Խթանել ու ներառել» ըսաւ Քահանայապետը եւ այս ծիրէն ներս կարեւոր նկատելց համագործակցութիւնը ու բոլոր դերակատարներու միջեւ անկեղծ, կառուցողական եւ թափանցիկ երկխօսութիւնը՝ իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան ու դերին յարգանքով։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը հայցէ Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը ու քաջալերանքի խօսք կ՛ուղղէ քաղաքացիական ընկերութիւններուն ու ժողովրդային շարժումներու կազմակերպութիւններուն՝ համագործակցելու ու սատարելու գաղթականութեան հայող համաշխարհային համաձայնութիւններու տարածումին, որոնք կը նպաստեն գաղթականներու մարդկային համապարփակ զարգացումին կը գրէ Քահանայապետը ու այդ կազմակերպութիւնները կը հրաւէրէ յանձնառու ըլլալու նաեւ «արդարօրէն բաժնելու ապաստան հայցող փախսականներու օգնութիւն մատուցելու պատասխանատուութիւնները»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2018, 11:05