Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ալպանացի կղերականներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը:

Ալպանացի ազգային հերոս Քասթրիոթա Սքանտերպերկիի մահուան 550 –րդ տարեդարձն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 19 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ալպանացի եպիսկոպոսներէ եւ վարդապետներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Ալպանացի ազգային հերոս Քասթրիոթա Սքանտերպերկիի մահուան 550 –րդ ամեակին առթիւ:

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաներն ու աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ գտնուող Ալպանացիները յիշեց 50 տարի առաջ, Վատիկանի մէջ Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետին, Ալպանացի պատուիրակութեան մը հետ ունեցած հանդիպումը:

Անդրանալով Ալապանիայի հարուստ ու փառաւոր պատմութեան, յիշեց ազգային հերոս Քասթրիոթա Սքանտերպերկին, որ իր ամէն ուժով ու քաջութեամբ պաշտպանած է Ալպանիոյ հոգեւոր արժանինքերն ու Քրիստոնեայ անունը, եւ արժանացած է «Քրիստոսի Մարզիկ» տիտղոսին՝ Ալպանիոյ մշակութային ինքնութեան, ազգային միութեան ու համերաշխութեան բերած նպաստին համար :

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Ալպանիոյ դրօշակին վրայ ներկայացուած արծիւին, զայն խորհրդանիշ նկատելով Ազգային հերոս Քասթրիոթային դիմագիծին ու առաձնահատկատութեան:
Ան յարեց թէ հերոսին մահունէ եւ Ալպանիոյ վրայ կատարուած արշաւանքներէն ետք անթիւ Ալապանացիներ գաղթած են զանազան երկիրներ որոնցմէ շատեր ապաստան գտած են Իտալիոյ կեդրոնական ու հարաւային շրջաններուն մէջ, յատուկէն Քալապրիայի եւ Սիկիլիոյ մարզերուն մէջ, ծնունդ տալով Ալպանական եկեղեցական տարածաշրջաններու՝ որոնց ներկայացուցիչներէն շատեր ներկայ են սոյն հանդիպումին:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Ալպանիոյ մէջ՝ 2018 տարին Սքանտերպերկի ազգային տարի հռչակումին , մաղթանք յայտնելով որ սոյն յիշատակումը սահմանափակուած չի մնայ անցեալի յաղթական արարքներուն տօնակատարութիւններով, այլ բեղուն առիթ հանդիսանայ քաղաքացիներու եւ հաստատութիւններուն համար, հարազատ եւ հաւասարահաշիւ զարգացման ու վերանորոգման յանձնառումի, որպէսզի երիտասարդ սերունդները չի մատնուին գաղթականութեան պայմաններուն։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը քաջալերել ներկայները հայրենասէր ըլլալու ինչպէս ժամանակին եղած է Քասթրիոլան:

«Կաթողիկէներուն , օրթոտոքսներուն եւ մահմետականներուն միջեւ շնչուած յարգանքի եւ փոխադարձաբար վստահութեան կլիման, թանկարժէք բարիք մըն է եւ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի ժամանակակից աշխարհին մէջ» ըսաւ ապա Քահանայապետը մէջբերելով Ալապանիա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացին արտասանած խօսքը ու նշեց թէ այս մէկը ցոյց կու տայ որ տարբեր կրօններու պատկան քաղաքացիներու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը՝ կարելի ուղի մըն է, որ կ՝արտադրէ ներդաշնակութիւն եւ համեստ համակեցութիւնը կը փոխակերպէ ՝ իսկական եղբայրութեան ու համագործակցութեան:

Սբրազան Հայրը ապա դիտել տուաւ թէ բազմազանութիւնները , երկխօսութեան եւ փոխ ճանաչողութեան առիթ նկատելը, կը նպաստէ կայուն խաղաղութեան՝ հիմնուած մարդու արժանապատուութեան եւ մարդկային անձին յարգանքին վրայ, հուսկ խօսքը աւարտեց յիշելով Ալապանացի Սուրբ նահատակները որոնց շարքին Կարկաթայի Սրբուհի Մայր Թերեզան ու բոլոր շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

«Եթէ կը բարեհաճիք մի մոռնաք ինծի համար աղօթել» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2018, 18:00