Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հիւանդ մանուկներ

Կեանքի մէջ չկայ բան որ կարելի չէ յաղթահարել. իւրաքանչիւր անձ ունի նուաճելու ձեւ մը:

Ուրբաթ, 30 նոյեմբերին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Վրոքլավ» քաղաքի ուռուցքաբանութեան կեդրոնի աւելի քան 61 հիւանդ մանուկներ ու անոնց ընկերացող կամաւորները:
Այս առթիւ արտասանած սրտաբուխ խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ՝ մանուկներուն այցելութեան համար յարեց թէ հիւանդ մանուկներու ուղեւորութիւնը, քիչ մը դժուարին է, որովհետեւ անոնք խնամքի կարօտ ունին, եւ պիտի պայքարին իրենց հիւանդութեան դէմ , ինչ որ դիւրին չէ ըսաւ սրբազան հայրը ապա նկատել տուաւ, որ հիւանդ մանուկները ունին իրենց օժանդակող բազմաթիւ բարեկամներ, ինչպէս նաեւ հարազատներ՝ յառաջ ընթանալու համար :
Ֆրանչիոսկոս Պապ հուսկ հրաւիրեց մանուկները մտածելու, որ կեանքի մէջ չկայ բան որ կարելի չէ յաղթահարել. իւրաքանչիւր անձ ունի նուաճելու ձեւ մը , ամէն անձ կը յաղթէ իրեն յատուկ ձեւով, սակայն, միշտ նպատակն ու հորիզոնը ՝ նուաճումն է՝ յառաջ ընթանալու համար:
Սրբազան Հայրը հիւանդ մանուկներուն նկատել տուաւ նաեւ որ կայ այլ բան մը, այն է թէ Տէրը իւրաքանչիւր անձի տուած է պահապան հրեշտակ մը, որուն կ՝ընկերանայ մանկութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն: Տէրը, հրեշտակ մը տուած է , որպէսզի ան օգնէ մեզի մեր կեանքին մէջ: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ պէտք ենք վարժուիլ հրեշտակներուն հեզ զրուցելու որպէսզի ան պահապան կանգի եւ մեր կեանքի մէջ ներշնչէ ու առաջնորդէ ՝միշտ յաղթութիւն:
Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով մանուկներուն ընկերացողներուն, ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները, հրաւիրելով աղօթել «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2018, 15:24