Որոնել

files-brazil-environment-forests-oceans-conse-1541009476150.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը Ամազոնեան ժողովուրդներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 5 նոյեմբերին, Պրազիլի Օպիտսոս թեմի եպիսկոպոս՝  Գերապայծառ Պերնարտօ Պահլման, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Նորին Սրբութեան ներկայացուած է Պրազիլի Փարա նահանգի մէջ գետի եզերքին վրայ նաւու մը մէջ կառուցուած «Ֆրանչիսկոս Պապ» անուան հիւանդանոցի մը ծրագիրը:

Այս առթիւ Սրբազան Հայրը նկարահանուած տեսերիզով մը ողջոյնի խօսք ուղղած է Ամազոնի Ժողովուրդներուն ըսելով. «Սրտաբուխ եւ սիրալիր ողջոյն, Ամազոնի բոլոր ժողովուրդներուն: Սէր ու գորով, դուք որ որ կը զբաղիք հողով, կը սիրէք հողը, Աստուած ու բնութիւնը կը սիրէք: Ողջոյն բոլոր անոնց որոնք կ՝աշխատին նաւակի վրայ կառուցուած հիւանդանոցին մէջ, որ անթիւ բարիքներ պիտի հասցնէ հազարաւոր քմ տարածքի վրայ գտնուող ժողովուրդներուն: Կ՝աղօթեմ ձեզի համար եւ դուք աղօթեցէք ինծի համար: Թող Տէրը օրհնէ ձեզ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2018, 12:20