Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Երկինքի սաներ» ընկերակցութեան անդամները:

Երկինքի սաներ ընկերակցութիւնը հիմնուած է է 1968 թուականին եւ անոր նպատակն է երգերու եւ պարերու միջոցաւ աւետարանը հռչակել համայն աշխարհի մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 10 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «երկինքի սաներ» ընկերակցութեան աւելի քան 300 անդամները: Յայտնենք, թէ ընկերակցութիւնը հիմնուած է 1968 թուականին եւ անոր նպատակն է երգերու եւ պարերու միջոցաւ աւետարանը հռչակել համայն աշխարհի մէջ:

Ընկերակցութեան անդամներուն յղած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ընկերակցութեանն հիմնադրութեան 50 ամեակը ապա յիշեց ընկերակցութեան հիմնադիր՝ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Ժուզէփփէ Արիոնէ, որուն մահուան 10 տարեդարձն կը յիշատակուի:

Ֆրանչիսկոս Պապ  անդրադարձաւ ընկերակցութեան շնորհապարգեւին, որ է երգերու եւ պարերու միջոցաւ, տարածել Քրիստոնեայի սիրոյ գեղեցկութիւնն ու զօրութիւնը, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, ըսաւ ան ապա քաջալերեց ընկերակցութեան անդամները յառաջ տանելու ընկերակցութեան հիմնադիրին շնորհապարգեւը, անհատական եւ հասարակաց աղօթքի միջոցաւ, Աստուծոյ խօսքի ունկնդրութեամբ ինչպէս նաեւ Սուրբ Պատարագի եւ խոստովանանքի խորհուրդի մասնակցութեամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով ընկերակցութեան առաքելութեան, դիտել տուաւ որ երգը սիրտերը միացնող լեզուն մըն, յորդորելով անոնց, որ մէկ հոգի եւ մէկ սիրտ ըլլան:
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց ընկերակցութեան անդամները յանձնելով Տիրամօր Հովանիին եւ շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2018, 13:57