Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Սուտ մի վկայեր ընկերիդ դէմ» Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Սուտ մի վկայեր ընկերիդ դէմ» կը նշանակէ ապրիլ Աստուծոյ զաւակներու նման, ամէն մէկ արարքի մէջ վկայելով թէ Աստուած Հայր

Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։ Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։ Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ (Մատթ 5, 14-16)։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 14 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ աւանդական հրապարակային ունկնդրութիւնը որուն  իրենց  մասնակցութիւնը բերին իտալացի եւ օտարերկրեայ  բազմահազար հաւատացեալներ։

Ունկնդրութեան  ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով խօսիլ տասը պատուիրաններու մասին օրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ութերորդ պատուիրանի վրայ «Սուտ մի վկայեր ընկերիդ դէմ»։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս պատուիրանը քրիստոնէականի համաձայն կ՛արգիլէ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրել ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեան մէջ։ Ոչ հարազատ հաղորդակցութիւն մը ապրիլը ծանր է որովհետեւ արգելք է յարաբերութիւններու՝ այսուհետեւ սիրոյ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ բոլորս կ՛ապրինք հաղորդակցութեան միջոցաւ ու յարատեւ կը գտնուինք սուտի եւ ճշմարտութեան միջեւ հաւասարակշռութեան ներքոյ։

«Որքան շատախօսութիւններ կործանած են հաղորդութիւնը նրբազգացութեան պակասի պատճառաւ» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հարց տուաւ. «ո՞ւր է ճշմարտութիւնը»,  դիտել տալով թէ այս նոյն հարցումը ուղղուեցաւ նաեւ Պիղատոսին երբ կը դատէր Յիսուսը։

«Յիսուս Պիղատոսին կ՛ըսէ «ես եկայ աշխարհ ճշմարտութիւնը վկայելու համար» եւ Յիսուս այդ վկայութիւնը տուաւ իր չարչարանքով եւ իր մահով, որով յայտնեց Հայրը՝ եւ Անոր հաւատարիմ ու ողորմած սէրը։ Ճշմարտութիւնը իր լիակատար իրականացումը կը գտնէ նոյնինքն Յիսուսի անձին մէջ, անոր ապրելակերպի ու մահուան մէջ, որ է պտուղը Հօր հետ յարաբերութեան» ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով թէ «Յիսուս յարութենէն ետք իր այդ էութիւնը մեզի կը փոխանցէ ճշմարտութեան  Հոգիին պարգեւով որ մեր սրտին մէջ կը դրոշմէ իրականութիւնը թէ Աստուած մեր Հայրն է։

Մարդս իր ամէն մէկ արարքի միջոցաւ կամ կը հաստատէ կամ կը ժխտէ այս իրականութիւնը։ Քրիստոնեաները բացառիկ այրեր ու կիներ չեն. Անոնք զաւակներ են Երկնային Հօր որ բարի է եւ զիրենք յուսախաբ  չի թողուր ու անոնց սրտին մէջ կը սերմանէ եղբայրներու նկատմամբ սէրը։

«Այս ճշմարտութիւնը չ՛արտայայտուիր ճառերով այլ ապրելակերպ մըն է՝ ու կը յայտնուի ամէն մէկ արարքի միջոցաւ»  ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ այդ ճշմարտութիւնը կը գերազանցէ մարդկային իմացականութիւնը որովհետեւ պարգեւ մըն է որ մարդեղացաւ Քրիստոսին մէջ։

«Սուտ մի վկայեր ընկերիդ դէմ» կը նշանակէ ապրիլ Աստուծոյ  զաւակներու նման, ամէն մէկ արարքի մէջ վկայելով թէ Աստուած Հայր է ու թէ կարելի է Անոր վրայ վստահիլ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ Ան ապա զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն հուսկ յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները ըսելով. «ձեզի բոլորիդ կը մաղթեմ որ Հռոմի  ուխտագնացութիւնը ամրապնդէ կապը Առաքեալներու Քաղաքին հետ ու սէրը՝ պատկանելու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2018, 10:21