Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին 7 նոյեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը. «Մի Գողնար»։

Մի գողնար կը նշանակէ սիրէ քու ինչքերովդ, օգտագործէ բարիքները՝ սիրելու համար։ Այդ ժամանակ կեանքդ կը դառնայ բարի ու սեփականութիւնը կը դառնայ պարգեւ:

«Եղբայրներ, որովհետեւ ոչինչ բերինք աշխարհ, եւ բացայայտ է թէ ոչինչ կրնանք դուրս հանել անկէ.ուստի կերակուր ու հագնելիք ունենալով՝ բաւարարուինք անոնցմով: Բայց անոնք որ կը փափաքին հարստանալ՝ կ՚իյնան փորձութեան եւ թակարդի, ու շատ անմիտ եւ վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք կ՚ընկղմեն մարդիկը աւերումի կամ կորուստի մէջ. որովհետեւ բոլոր չարիքներուն արմատը՝ արծաթսիրութիւնն է, որուն բաղձալով՝ ոմանք մոլորեցան հաւատքէն եւ իրենք զիրենք խոցեցին շատ ցաւերով:»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 Տիմոթէոսի՝ հաւատքով իր հարազատ զաւկին, Պօղոս առաքեալի ուղղած նամակի սոյն հատուածին վրայ հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի 7 նոյեմբերի 2018ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայացուց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, որուն ընթացքին շարունակեց խօսիլ տասը պատուիրաններու մասին, ու կեդրոնացաւ եօթներորդ պատուիրանի վրայ. «Մի Գողնար»։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Քահանայապետը, շարունակելով բացատրել պատուիրանները այսօր կը հասնինք եօթներորդ պատուիրանին. Մի գողնար։

Չկայ մշակոյթ մը ուր գողութիւնը եւ ուրիշի սեփականութեան տիրանալը օրինական համարուի. Մարդկային զգայնութիւնը արդարեւ շատ դիւրազգաց է ինչքերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ «Հարկաւոր է սակայն աւելի ընդարձակ ընթերցում մը կատարել այդ բառին նկատմամբ ու զայն քննարկել քրիստոնէական իմաստութեան լոյսին տակ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան ուր կը խօսուի «բարիքներու ընդհանրական նպատակադրումի» մասին եւ ուր նշուած է «Քրիստոնեայ կեանքը արդարեւ կը ջանայ այս աշխարհի բարիքները հունաւորել դէպի Աստուած ու դէպի եղբայրսիրութիւնը»։

«Սկիզբէն իսկ Աստուած երկիրը եւ անոր արգասիքը յանձնեց մարդկութեանն հասարակաց մատակարարութեան, որպէսզի խնամք տանի անոր, տիրէ անոր իր աշխատանքով ու վայելէ անոր պտուղները։ Արարչագործութեան  բարիքները սահմանուած են ամբողջ մարդկային ցեղին։ Բարիքներուն սեփականացումն օրինաւոր է երաշխաւորելու համար անձերուն ազատութիւնը եւ արժանապատուութիւնը, օգնելու համար իւրաքանչիւրին որ հոգայ իր հիմնական կարիքները, ինչպէս նաեւ կարիքներն անոնց որոնց հոգածութիւնն ունի»։

Անհատական սեփականութեան իրաւունքը, որ արդար կերպով ձեռք ձգուած կամ ստացուած է, չի ջնջեր երկրին համայն մարդկութեան պարգեւն ըլլալու սկզբնական հանգամանքը։ Բարիքներուն տիեզերական նպատակադրումը կը մնայ առաջնահերթ, նոյնիսկ եթէ հասարակաց բարիքին յառաջխաղացքը կը պահանջէ յարգանքն անհատական սեփականութեան, անոր իրաւունքին եւ գործածութեան» կը հաստատէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականը ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով որ  «Աշխարհի մէջ  կան տարբերութիւններ ու տարբեր պայմաններ, ու այդպէս կ՛ապրինք հոգալով մէկը միւսին»։

«Աշխարհը հարուստ է կենսամիջոցներով որ կարող են բոլորին ապահովել հիմնական բարիքները, բայց եւ այնպէս բազմաթիւ մարդիկ կ՛ապրին գայթակղեցուցիչ աղքատութեան մէջ եւ առանց  չափանիշերու գործածուած կենսամիջոցները սպառումի եզրին վրայ են։  Սակայն աշխարհը մէկ է ու մարդկութիւնն ալ մէկ» ըսաւ ապա Քահանայապետը  նշելով թէ աշխարհին մէջ անօթութիւնը  կախեալ չէ կերակուրի պակասէն  որ յաճախ «շուկայական» պահանջներու համար նոյնիսկ կը դափուի։ Այն ինչ որ այսօր կը պակսի ազատ ու հեռատես ձեռնարկատիրութիւնն է՝ որ նպատակ ունենայ ապահովել պատշաճ արդարութիւն մը ու զօրակցական տեսակէտ ինչպէս նեաւ բարիքներու արդար բաշխում։

«Արտադրութեան բարքինները իրենց սեփականատէրերուն հոգածուութիւնը կը պահանջեն որպէսզի անոնց պտղաբերութիւնը օգտակար ըլլայ մեծագոյն թիւով անձերու» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի վերոնշեալ հատուածը ու հաստատելով թէ այս հեռանկարով «մի գողնար» պատուիրանի իմաստը  կը դառնայ աւելի ընդարձակ։  «Բարիքի մը սեփականութեան տէրը կը դառնայ նախախնամութեան մատակարար։ Սեփականատէր ըլլալը պատասխանատուութիւն մըն է։ Այն ինչ որ իսկապէս ինծի կը պատկանի, այն սեփականութիւնն է որ ես կարող եմ պարգեւել։ Եթէ ես կարողութիւնը չունիմ ոչ մէկ բան նուիրելու կամ այդ ինչքը իմ վրաս իշխանութիւն ունի ու կամ ես անոր ստրուկն եմ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով ինչքերը գործածել վեհանձնութեամբ՝ աճելու համար եղբայրսիրութեան եւ ազատութեան մէջ։

«Քրիստոս եւս ինքզինք ունայնացուց ու մեզ հարստացուց իր իսկ աղքատութեամբ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Խաչեցեալը սուղ գին վճարեց մեր մեղքերուն համար ու թէ այն ինչ որ մեզ հարուստ կը դարձնէ ինչքերը չեն այլ սէրը։

«Մի գողնար կը նշանակէ սիրէ քու ինչքերովդ,  օգտագործէ բարիքները՝ սիրելու համար։ Այդ ժամանակ կեանքդ կը դառնայ բարի ու սեփականութիւնը կը դառնայ պարգեւ, որովհետեւ կեանքը սեփականութիւններ դիզելու ժամանակ չէ այլ ժամանակ է սիրելու» յարեց   Սրբազան Հայրը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած  հաւատացեալները,  յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, յիշեցնելով թէ միւս օր պիտի յիշատակուի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի օծման տօնը, որ է Հռոմի Եպիսկոպոսին աթոռանիստ եկեղեցին, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար, որպէսզի իր եղբայրները կարենայ հաստատել հաւատքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2018, 10:17