Որոնել

Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանրական ունկնդրութեան ընթացքին մանուկ մը բարձրացաւ ամպիոն Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանրական ունկնդրութեան ընթացքին մանուկ մը բարձրացաւ ամպիոն 

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արժանթինցի մանուկը՝ «Աստուծոյ առջեւ ազատ ըլլանք նման մանուկներուն»։

Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանրական ունկնդրութեան ընթացքին մանուկ մը բարձրացաւ ամպիոն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2018-ի Նոյեմբեր 28-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանրական ունկնդրութեան ընթացքին, իր ծնողաց հետ ունկնդրութեան ներկայ գտնուող Արժանթինցի մանուկ մը՝ բարձրանալով ամպիոն՝ Քահանայապետի աթոռին մօտ, սկսաւ ազատօրէն շրջիլ անոր շուրջ։  Սոյն իրադարձութիւնէն օգտուելով՝ Սրբազան Քահանայապետը սպաներէն լեզուով ըսաւ. «Այս մանուկը համր է՝ չի խօսիր սակայն գիտէ «հաղորդել»։Ան մտաբերել կու տայ իրողութիւն մը՝ ազատ է։ Եւ այս մէկը ինձ կը մղէ մտածելու արդեօք ես ալ ազատ եմ Աստուծոյ դիմաց։ Երբ Յիսուս կ՛ըսէ թէ պէտք է նմանինք մանուկներուն ան մեզի կ՛ըսէ թէ պէտք է ունենանք մանուկի մը ազատութիւնը որ կը գտնուի իր Հօր դիմաց…նման այս մանուկին։ Հայցենք այս փոքրիկին համար խօսելու շնորհքը - ըսաւ ապա Քահանայապետը։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արժանթինցի մանուկը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2018, 13:41