Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Զօրակից Սարտենիա» կամաւորական ծառայութեան կեդրոնի անդամները Վատիկանի մէջ։

Զօրակցութեան եւ ձրիութեան մշակոյթը աւելի որակաւոր կը դարձնէ կամաւորական աշխատանքը ու գործնականապէս կը սատարէ եղբայրական ընկերութեան մը կառուցումին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 30 նոյեմբեր 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ««Զօրակից Սարտենիա» կամաւորական ծառայութեան կեդրոնի անդամներուն՝ հիմնարկի հիմնադրութեան 20-րդ տարեդարձին առիթով։

Անոնց արտասած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը գնահատեց կամաւորական աշխատանքն ու ծառայութիւնը, յատկապէս ան որ մատուցուած է յետիններուն եւ աղքատներուն։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց նաեւ ընկերակցութեան այն գործունէութիւնը որ չէ յատկացուած միայն իրենց հողամասին այլ աշխարհի տարբեր աղքատ վայրերու։

«Ձեր ընկերակցութիւնը իր մէջ կը համախմբէ բազմաթիւ կամաւորական կազմակերպութիւններ որոնք ի գործ կը դնեն համագործակցութիւնը աւելի  որակաւոր դարձնելով յանձնառումը ի նպաստ կարիքաւորներուն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով ներկաները շարունակելու իրենց այդ ընթացքը ու տարածելու զօրակցութեան մշակոյթը համագործակցութեան ծաւալին մէջ ներառնելով նաեւ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւնները։

«Զօրակցութեան եւ ձրիութեան մշակոյթը աւելի որակաւոր կը դարձնէ կամաւորական աշխատանքը ու գործնականապէս կը սատարէ եղբայրական ընկերութեան մը կառուցումին որուն կեդրոնը մարդ արարածն է» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով Սարտենիա կղզիի քրիստոնէական արմատներուն, «որոնք կը նշանակեն սէր Աստուծոյ ու մերձաւորի նկատմամբ», յարեց Ան, հաստատելով թէ Աստուծոյ սէրն է որ մեզ կը մղէ միւսին մէջ նկատելու մերձաւորը, եղբայրն ու քոյրը, զոր պէտք է սիրենք»։

«Այս մէկը կը պահանջէ անձնական ու կամաւոր յանձնառում, որոնց ի նպաստ  քաղաքական իշխանութիւնները պէտք է ստեղծեն պատշաճ ընդհանուր պայմաններ» նշեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ կամաւորներուն աշխատանքը ընկերութեան կը պարգեւէ մարդկային ու քրիստոնէական դիմագիծ մը ու թէ այդ կամաւորական ծառայութիւնը ընտրութիւն մըն է որ մեզ ազատ կը դարձնէ ու մեզ կը բանայ ուրիշին կարիքներուն, ինչպէս նաեւ արդարութեան պահակներուն, կեանքի պաշտպանութեան, արարչութեան պահպանումին, հիւանդներուն ու տարեցներուն նկատմամբ քնքշութեան…

Ձեզ կը քաջալերեմ գորովով շարունակելու ձեր առաքելութիւնը, հանրութեան մէջ ստեղծելով հետաքրքրութիւնը՝ յանձնառու ըլլալու հասարակաց բարիքին ի նպաստ ու թիկունք կանգնելու տկարին եւ աղքատին։ Այսօր մեծ կարիքը կայ բարութեան, քնքշութեան եւ ձրի սիրոյ վկաներու։ Կարիքն ունինք հետեւողական  անձերու որոնք դժուարութիւնները կը դիմագրաւեն միութեան հոգիով, որպէս առաջնահերթութիւն ընտրելով մերձաւորին ծառայելը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին ապա բոլոր ներկաներուն ու անոնց սիրելիներուն շնորհեց առաքելական օրհնութիւնները, խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2018, 13:18