Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ճաշը բաժնեկցեցաւ աղքատներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ճաշը բաժնեկցեցաւ աղքատներուն հետ։ 

Աղքատներու համաշխարհային Օր. Ֆրանչիսկոս Պապ ճաշը բաժնեկցեցաւ աղքատներուն հետ։

Սիրոյ սեղանին սպասաւորեցին 70 կամաւորներ մինչ «Փոմփէի Սրբավայրին» երիտասարդները հիւրերը զուարճացուցին իրենց նուագներով ու երգերով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 18 նոյեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Աղքատներու Համաշխարհային Բ օրուան առթիւ, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կէսօրուան ճաշը բաժնեկցեցաւ 1500 աղքատներու հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Սրահ ժամանելուն Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով հիւրերուն ըսաւ «Այժմ բոլորս միասին պիտի մասնակցինք ճաշին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք  մեզի նուիրեցին այս սեղանը ու անոնց որոնք պիտի ծառայեն մեզի։ Շնորհակալութիւն բոլորին, այժմ աղօթենք որպէսզի Աստուած օրհնէ մեզ բոլորս։ Թող Աստուած օրհնէ իւրաքանչիւրս, օրհնէ մեր սրտերը, օրհնէ մեր դիտաւորութիւնները եւ օրհնէ որպէսզի կարենանք յառաջ ընթանալ։ Ամէն։ Բարի Ախորժակ»։

Կէսօրուան ճաշը նուիրուած էր «Rome Cavalieri-Hilton Italia» եւ «Tabor» կազմակերպութիւններու կողմէ, մինչ ձեռնարկը կազմակերպուած էր Նոր Աւետարանումի Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ համագործակցութեամբ՝ Քարիթասին, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան, Մալթայի ասպետական կարգին ու այլ բարեսիրական հաստատութիւններու.

Սիրոյ սեղանին սպասաւորեցին 70 կամաւորներ մինչ «Փոմփէի Սրբավայրին» երիտասարդները հիւրերը զուարճացուցին իրենց նուագներով ու երգերով։

Ճաշին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ներկաները ողջունեց ըսելով. «Շնորհակալութիւն. Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան համար։ Շնորհակալութիւն նուագողներուն ու բոլոր անոնց որոնք ճաշը պատրաստեցին ու զայն հրամցուցին։ Շնորհակալութիւն ձեզի բոլորիդ, աղօթեցէք ինծի համար եւ Տէրը ձեզ օրհնէ։

Նախ քան Պօղոս Զ անուան սրահէն մեկնիլը Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց մանուկները, աղքատները ու կամաւորները ապա նկար մը քաշեց խոհարարներուն հետ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2018, 09:17