Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը՝ Լատերանի համալսարանի մէջ նուիրեալ անձերու նուիրած գիտաժողովի մասնակիցներուն։

«Ես ալ համայն Եկեղեցւոյ հետ միասին կ՛աղօթեմ որպէսզի Տէրը ձեր սրտերուն մէջ իրականացնէ իր ծրագիրը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

21 նոյեմբեր 2018-ին կը նշուի «փակեալ կրօնաւորներու» նուիրուած 65-րդ օրը որուն յիշատակումի ծիրէն ներս  Լատերանի համալսարանին մէջ կազմակերպուած է  յատուկ գիտաժողով մը, որուն առիթով Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղեց ներկաներուն,  շեշտը դներլով Եկեղեցիէն  ներս «հայեցողական  կեանքի»  կարեւորութեան վրայ  զայն նկատելով «ջահ մը» որ կու լուսաւորէ մթագնած գիշերը ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք հայեցողական կեանք ապրելով՝ աղօթքով ու լռութեամբ թիկունք կը կանգնին եկեղեցւոյ, զայն հարստացնելով սրբութեան, ողորմութեան ու շնորհքի պտուղներով։

«Ես ալ համայն Եկեղեցւոյ հետ միասին կ՛աղօթեմ որպէսզի Տէրը ձեր սրտերուն մէջ իրականացնէ իր ծրագիրը, ու ձեզ կերպարանափոխէ որպէսզի ձեր հասարակութիւնները միշտ աւելիով ըլլան հայեցողականութեան ու աղօթքի իսկական դպրոցներ։ Աշխարհն ու Եկեղեցին պէտք ունին ձեզի» հաստատեց Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց լուրջի առնելու «կազմաւորումի» մարտահրաւէրը, կազմաւորումը նկատելով դանդաղ գործընթացք մը, որուն ծիրէն ներս հարկաւոր է նաեւ հոգեւոր առաջնորդութիւնը։

«Կազմաւորում մը որ պէտք է պատշաճի այսօրուայ իրականութեան՝ մարդկային համապարփակ կազմաւորում մը» յարեց Սրբազան Պապը ու պատգամի աւարտին մաղթեց որ այս օրը ըլլայ եղբայրութեան օր մը, որ լոյս ներշնչէ հասարակութիւններուն, ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի անոնց սորվեցնէ ինչպէս որոնել Աստուծոյ դիմագիծը ու հաւատարիմ մնալ առաքելութեան, դառնալով Եկեղեցւոյ աղօթարար սիրտը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց  բոլոր ներկաներուն շնորհելով առաքելական օրհնութիւնները ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2018, 12:09