Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ս. Պետրոսի մէջ Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ ննջեցեալ կարդինալներու ու Եպիսկոպոսներու դիտաւորութեան։

Սրբազան Պապը եպիսկոպոսներու շարքին յիշեց նաեւ Վարդան Քէշիշեան եւ Էմմանուէլ Տապաղեան Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսները։

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 3 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան Սուրբ պատարագ՝ նուիրուած տարւոյն ընթացքին  վախճանած  կարդինալներուն եւ եպիսկոպոսներուն որոնց շարքին էին նաեւ Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդի երբեմնի փոխանորդ՝ Արհիապատիւ գերապայծառ Վարդան Եպս. Քեշիշեանը  որ իր հոգին աւանդեց առ Հայր՝ 2017-ի 22  նոյեմբերին, ապա  Արհիապատիւ Մանուել Եպիսկոպոս Տապաղեանը՝  Պաղտատի Հայ կաթողիկէ համայնքի երբեմնի առաջնորդը, որ այս աշխարհէն հեռացաւ անցեալ 13 սեպտեմբեր 2018-ին ։

Հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մասնակցութեամբ կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասերուն, կղերին ու բազմաթիւ հաւատացեալներուն։

Այս առթիւ արտասանած  քարոզին մէջ Սրբազան Պապը մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչէն՝ ուր Յիսուս Երկնքի արքայութիւնը կը նմանեցնէ տասը կոյսերու։

Ունկնդրէ լուրը

Աւետարանական հատուածէն մեկնելով Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ տասը կոյսերու առակի «գացին փեսան դիմաւորելու» նախադասութեան վրայ, հաստատելով թէ բոլորիս համար կեանքը կոչ մըն է դուրս ելլելու, սկսեալ մօր արգանդէն, ապա տունէն ուր ծնած ենք, հուսկ մանկութենէն դէպի պատանեկութիւն ու պատանեկութենէն դէպի չափահասութիւն, մինչեւ այս աշխարհէն դուրս ելլելը։

«Աւետարանի ծառայողներուն համար եւս կեանքը դէպի դուրս ընթացք մըն է» ըսաւ ապա Քահանայապետը՝ ընտանեկան տունէն դէպի այն վայրը ուր Եկեղեցին մեզ կ՛առաքէ, ապա ծառայութեան վայրէն դէպի այլ ծառայութեան վայր մը, հուսկ վերջին անցքը աշխարհի կեանքէն դէպի յաւիտենական կեանքը։

«Երթալ դիմաւորելու փեսան» ըսաւ Քահանայապետը այս է ահա կեանքի յարատեւ շարժումը ու այս է կեանքը ապրելու պատճառը. Աւետարանի հռչակումը որ կը հնչէ գիշերուան մէջ ու մենք զայն կը դիմաւորենք վարուած ճրագներով։ Յիսուսին հետ հանդիպումն է՝ Փեսան որ սիրեց Եկեղեցին ու Ինքզինք նուիրեց անոր համար»։ Կեանքը արդարեւ ուղեւորութիւն մըն է դէպի Փեսան, շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով թէ  մեզի պարգեւուած ժամանակը սահմանուած է աճելու սիրոյ մէջ։

Պատրաստութիւն մըն է «հարսանիքին», այդ կարեւոր հանդիպումին, ինչպէս կ՛ըսէ առաքելը «մենք մեր աչքերը կը սեւեռենք ոչ թէ տեսանելի այլ անտեսանելի իրականութիւններու վրայ, որովհետեւ տեսանելի իրականութիւնները ակնդարդային են, մինչ անտեսանելիները յաւիտենական։

«Առ այդ չի կեդրոնանանք աշխարհի երեւոյթներու վրայ այլ նայինք անդին»  յորդորեց Սրբազան Պապը մէջբերելով  «էականը անտեսանելի է աչքերուն» ասացուածքը ու հաստատելով թէ կեանքին մէջ էականը՝ Փեսային ձայնը  ունկնդրելն է, ձայնը որ մեզ կը կոչէ ամէն օր մեր կեանքը ապրելու որպէս հարսանքի պատրաստութիւն։

Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ կարեւորագոյն տարրը՝ էականը որ է ձէթը, ըսաւ հուսկ Քահանայապետը։ Ձէթը որ երեւելի չէ, պահուած է լապտերներու մէջ սակայն առանց անոր լոյս չի կայ - նշեց ան նկատել տալով թէ «Այս կը նշանակէ թէ Տիրոջ առջեւ երեւոյթները կարեւորութիւն չունին, այլ կարեւորութիւն ունի սիրտը։ Սիրտը որ պէտք է մաքրել եւ բիւրեղացնել, որովհետեւ ան թանկագին է Աստուծոյ աչքերուն» հաստատեց Քահանայապետը մատնանշելով ձէթի այլ մէկ յատկանիշին այն է «սպառումը»։ Միայն սպառելով է որ ձէթը լոյս կու տայ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ կեանքն ալ  նմանեցնելով ձէթին՝ որ լոյս կը սփռէ սպառելով ծառայութեան համար։

«Արդարեւ ապրելու գաղտնիքը ծառայութեան համար ապրիլն է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ծառայութիւնը որակելով «տոմս» մը որ պէտք է ցոյց տալ յաւիտենական հարսանիքի մուտքին։

«Այն ինչ որ մեզի կը մնայ կեանքի աւարտին՝ երկրի վրայ մեր դիզած գանձերը  չեն, այլ մեր պարգեւներէն են։ Կեանքի իմաստը արդարեւ կը հիմնուի Աստուծոյ սիրոյն համապատասխանելու իրողութեան վրայ ու այդ պատասխանը կ՛անցնի իսկական սէրէն որ է անձնուիրումը՝ ծառայութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով աւետարանական խօսքին «ով որ իր կեանքը պահէ պիտի կորսնցնէ զայն»։

«Ձէթին երորդ յատկանիշը պատրաստութիւնն է։ Ան պէտք է ժամանակին պատրաստել ու մեր հետ տանիլ։ Յիմար կոյսերը այդ մէկը չ՛ըրին որովհետեւ սէր չի դրին այդ պատրաստութեան մէջ» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը հաստատելով թէ «եթէ ներդրում չի կատարենք սիրոյ համար, կեանքը կը մառի եւ այն որ իր պարտականութիւնը կը կատարէ առանց սիրոյ ու անձնուիրումի արժանի չէ Փեսային»։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ  յիշեց ննջեցեալ կարդինալներն ու եպիսկոպոսները ու հրաւիրեց հայցել բարեխօսութիւնն անոնց որոնք «առանց երեւնալու ծառայեցին սրտով ու պատրաստուեցան Տիրոջ հետ հանդիպումին»։

«Այս վկաներու օրինակով մենք եւս չի գոհանանք այսօրուայ վրայ կեդրոնացած  հայեացքով մը, այլ խնդրենք աւելի անդին նայող հայեացքի մը շնորհքը, որ կը նայի մեզ սպասող հարսանիքին։ Մեր կեանքը թող ըլլայ Աստուծոյ իղձով յատկանշուած կեանք մը, որ կը մարզուի սիրով ու պատրաստ է մտնելու Փեսային հետ՝ առ յաւէտ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2018, 12:19