Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «Ճորճօ Լա Փիրա» Իտալական հիմնարկի անդամներուն հետ։

Ճորճօ Լա Փիրա եղած է իտալացի քաղաքական անձնաւորութիւն ու Ֆիրենցէ քաղաքի քաղաքապետ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 23 նոյեմբեր 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ճորճօ Լա Փիրա Իտալական հիմնարկի ազգային գիտաժողովին առթիւ, Վատիկանի մէջ ընդունեց գիտաժողովի մասնակիցները ու անոնց ուղղած խօսքին մէջ մաղթեց որ այդ հաւաքը սատարէ մարդկային համապարփակ զարգացումի ի սպաս յանձնառումին՝ իտալական ընկերութեան ներքոյ։

 

Ճորճօ Լա Փիրա եղած է իտալացի քաղաքական անձնաւորութիւն ու Ֆիրենցէ քաղաքի քաղաքապետ։ Անդամ էր Ֆրանչիսկեան եւ Տոմինքեան եղբայրութիւններուն։ Խօսելով Լա Փիրայի մասին Սրբազան Պապը զայն որակեց «օրինակելի տիպար եկեղեցւոյ ու ժամանակակից աշխարհին համար» ինչպէս նաեւ «խանդավառ վկայ մը՝ Աւետարանին» ու «արդի ժամանակներու մարգարէ»։  Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց հուսկ Լա Փիրայի կեանքի հանգրուաններուն ու անոր քաղաքական գործունէութեան, յատկապէս որպէս Ֆիրենցէի Քաղաքապետ, ուր ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ ընկերութեան ամենէ տկարներուն ծառայութեան։

Սրբազան Պապը ներկաները քաջալերեց ողջ պահելու ու տարածելու Ճորճօ Լա Փիրայի ժառանգութիւնը յատկապէս հայող անոր հաւատքին, աղքատներուն ու բացառուածներուն նկատմամբ սիրոյն, ու խաղաղութեան ի նպաստ անոր յանձնառումին, մէջբերելով Լա Փիրայի մէկ խօսքը «քաղաքականութիւնը մարդկայնական ու սրբութեան յանձնառում մըն է»։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց խրախուսելով ներկաները ըլլալու խաղաղութեան գործիչներ, արդարութեան ճարտարապետներ ու զօրակցութեան եւ սիրոյ վկաներ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մէջ Աւետարանի արժէքներու թթխմոր, յատկապէս մշակոյթի ու քաղաքականութեան ասպարէզներէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը ապա  բոլորը յանձնեց Աստուածամօր հովանիին ու իր օրհնութիւնը ջամբեց խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2018, 13:00