Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Շնորհակալ եմ լիբանանցիներուն՝ անոնց հաւասարակշռութեան ու վեհանձն հոգիին համար». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Լիբանանի հասարակութեան՝ Լիբանանի ի նպաստ տարած գործին համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 20 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Քլեմենթիա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհելով  «Մարոնի Հիմնարկի» անդամներուն ու Լիբանանի կառավարական ներկայացուցիչներուն զանոնք ողջունեց ըսելով. «Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Լիբանանի հասարակութեան՝ Լիբանանի ի նպաստ տարած գործին համար։  Յատկապէս երկու բաներու համար. հաւասարակշռութեան պահպանումը՝ մայրիներու նման ուժեղ ստեղծագործ հաւասարակշռութիւնը ընդմէջ քրիստոնեաներուն, իսլամներուն, սիւննի եւ շիիթ. Եղբայրներու Հայրենասիրական հաւասարակշռութիւն։ Աոսր համար շնորհակալ եմ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ լիբանանցիներու վեհանձն հոգիին՝ գաղթականներու նկատմամբ ցուցաբերած  հիւրընկալութեան համար։ «Մէկ միլիոն գաղթական ունիք ձեր երկին մէջ։ Սրտանց Շնորհակալ եմ»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Տիրոջմէ հայցելով որ օրհնէ բոլորը՝ ներկաները, անոնց ընտանիքները, հայրենիքը ու գաղթականները։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը լիբանանի պատուիրակութեան անդամներուն հետ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2018, 13:00