Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Երաժշտութիւնն ու երգեցողութիւնը աւետարանութեան իսկական գործիքներ են » Ֆրանչիսկոս Պապ

Երաժշտական ոճը հովուական միջոց մըն է։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 24 նոյեմբեր 2018-ի կէսօրին, Վատիկանի  մէջ գումարուած Երգչախումբերու Գ միջազգային գիտաժողովին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց աշխարհի զանազան երկիներէն Հռոմ ժամանած գիտաժողովին 7000 մասնակիցներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետի ու ժողովականներու միջեւ տեղի ունեցած խանդավառ հանդիպումի ընթացքին ներկաներուն արտասանած իր ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը գնահատելով անոնց ներկայութիւնը, նշեց թէ իրենց երգերով ու երաժշտութեամբ անոնք «արթնցուցին Վատիկանը», գեղեցիկ համարելով ունկնդրել երաժշտութիւնը ու անոր միջոցաւ գաղել ուրախութիւնն ու լրջութիւնը որով երգչախումբի անդամները կը պատրաստուին ու միասնաբար ձայն կու տան աղօթքի գեղեցկութեան։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա անցեալ օրերուն գումարուած երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին որուն ծիրէն ներս  քննարկուեցաւ երաժշտութեան հարցը, ըսաւ Ան։

«Երաժշտական ոճը արդարեւ կը ներկայացնէ հովուական միջոց մը՝ որ կը հարցաքննէ ծիսակատարութիւնն ու անոր վերանորոգումը» յարեց Նորին Սրբութիւնը մէջբերումով Սիւնհոդոսի աւարտական փաստաթուղթէն վերոնշեալ գրութիւնը  ու հաստատեց թէ երաժշտութիւնն ու երգեցողութիւնը իսկական գործիքներ են աւետարանութեան, այն չափով որ անոնք կը դառնան վկայութիւն Աստուծոյ Խօսքին որ կը դպչին մարդոց սրտերուն։

Քահանայապետը քաջալերեց ապա ներկաները յարատեւելու իրենց այս եկեղեցական յանձնառու ծառայութեան մէջ, դիտել տալով թէ յաճախ երաժշտութիւնն ու երգը առիթ եղած են «յատուկ» դարձնելու կեանքի պահեր։

«Ձեր ներկայութիւնը առիթ է նաեւ բացայայտելու Եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը իր բոլոր աւանդութիւններով» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ակնակորելով ներկաներուն զանազան երկիրներէն ժամանումէն ու անոնց բազմազան աւանդութիւններու պատկանելիութեան ապա հաստատեց թէ «այս մէկը կը բացայայտէ նաեւ թէ մենք մէկ Մարմին ենք ու մէկ ձայնով կ՛երգենք միեւնոյն հաւատքը»։

«Նոյնիսկ եթէ կը խօսինք տարբեր լեզուներ, բոլորս կարող ենք հասկնալ երաժշտութիւնն ու հաւատքը զոր կը դաւանինք, ինչպէս նաեւ յոյսը որ մեզ կը սպասէ» ըսաւ Սրբազան Պապը զգուշացնելով ներկաները «յաւակնութեան ու ինքնահաճութեան» փորձութենէն ու հրաւիրելով զանոնք ներգրաւել ու երգեցողութեան ու պաշտամունքին մասնակից դարձնելու նաեւ հաւատացեալները։

«Երաժշտութիւնը թող ըլլայ գործիք միութեան՝ աւելի արդիւնաւէտ  դարձնելու Աւետարանը այսօրուայ աշխարհին մէջ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու ճառը եզրափակեց բոլորին վստահեցնելով իր մօտիկութիւնը ապա անոնց շնորհեց իր օրհնութիւնը, հայցելով երաժիշտներու պաշտպան սուրբ՝ Սրբուհի Չեչիլիայի բարեխօսութիւնը։ »Մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար նաեւ ձեր երգերով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2018, 12:50