Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի Լատինամերիկայի «Փիօ» Վարժարանի ընտանիքը:

«Պատմութիւնը կառուցելու ամենամեծ ուժը ծնունդ կ՛առնէ ձեր մէջ գոյութիւն ունեցող շօշափելի զօրակցութենէն որ ապագային եւս պիտի շարունակուի ձեր եկեղեցիներու միջեւ ու ձեզի յանձնուած ժողովուրդներուն միջեւ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 15 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Լատինամերիկայի «Փիօ» Վարժարանի ընտանիքին, վարժարանիս հիմնադրութեան 160 տարեդարձին առիթով։

Ներկաներուն արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ թէ վարժարանը Հռոմի հազուագիւտ վարժարաններէն է որ կը կռէ Լատինամերիկայի վարժարանի անունը ու ան եղած է հանդիպումի վայր մը ուր երիտասարդ քահանաներ առիթը ունին փորձարկելու հաւաքական խորհրդածութեան պահեր, յատկանշուած լատին ամերիկեան հոգիով։

Սրբազան Հայրը մատնանշեց ապա Լատինամերկեան ցամաքամասի հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնց շարքին դասեց մշակոյթներու եւ աւանդութիւններու կորուստը, որուն թիրախ է նաեւ Եկեղեցին եւ ուր «տեղի կ՛ունենայ  գաղափարական գաղութացումի արշաւ մը» ըսաւ Սրբազան Հայրը, կարեւոր նկատելով Հռոմի մէջ ապրուած շրջանը ուր կարելի է ստեղծել կապեր՝ բարեկամութիւններ ու եղբայրութիւն, որպէսզի միասնաբար դիմագրաւուին վերոնշեալ հարցերը։

«Պատմութիւնը կառուցելու ամենամեծ ուժը ծնունդ կ՛առնէ ձեր մէջ գոյութիւն ունեցող շօշափելի զօրակցութենէն որ ապագային եւս պիտի շարունակուի ձեր եկեղեցիներու միջեւ ու ձեզի յանձնուած ժողովուրդներուն միջեւ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով ցամաքամասի կարիքներուն որոնց շարքին յարաբերութիւններու ու հաղորդութեան արուեստագէտներու կարիքը, որոնք բաց ըլլալու են Աստուծոյ Արքայութեան նորութիւններուն։ Այս ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը կարեւորեց հասարակութեան մաս զգալու ու պատկանելիութեան իրականութիւնը, զգուշացնելով բաժանումներէն  ու յանձնարարելով միշտ մօտիկ ըլլալ հաւատացեալներուն, նման մեր Տիրոջ ու դաստիարակ Յիսուս Քրիստոսին- ուրախանալով ուրախացողին հետ ու լալով լացողին հետ։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա Լատինամերիկացի նոր Սուրբ Օսքար Ռոմերոյին ու զայն ներկայացուց որպէս տիպար առաքելութեան ու սրբութեան, ներկաներուն վստահեցնելով թէ միայնակ չեն իրենց ուղեւորութեան ընթացքին ու թէ իրենց կողքին ունին Տիրամայրը՝ քնքշութեան Մայրը «որուն դիմելու ենք ու հարցնելու որ մեզի ցոյց տայ ուղիղ ճանապարհը» նշեց Սրբազան Պապը ու ճառին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Փիօ վարժարանի հոգաբարձու Յիսուսեան Միաբանութեան անդամներուն ու անոնց ծառայական ու դաստիարակչական առաքելութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն՝ վարժարանի 160 ամեակը իր հետ միասին տօնախմբելուն համար,  ապա իր ողջոյնները փոխանցելով անոնց խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2018, 12:43