Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Օր Մեռելոցի պատարագը կը մատուցէ Լաուրենթինօ գերեզմանին մէջ։

Այս առաջին անգման է որ Քահանայապետ մը կ՛այցելէ Հռոմի Լոարենթինօ գերեզմանը

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 2 նոյեմբեր 2018-ին, լատինաց մօտ Օր մեռելոց է։ Օրուան առթիւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը կը մատուցանէ Հռոմի Լաուրենթինօ գերեզմանին մէջ։ Գերեզմանատուն ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորեն Հռոմի թեմի  տեղապահ Արքեպիսկոպոս՝Կարդինալ Տէ Տոնադիսը, շրջանի եպիսկոպոս՝գերապայծառ Փաոլօ Լոյուտիչէ եւ գերեզմանի մատրանապետը՝գերապայծառ Քլատուիօ Փալմա։

Այս առաջին անգման է որ Քահանայապետ մը կ՛այցելէ Հռոմի Լաուրենթինօ գերեզմանը մինչ Ֆրանչիսկոս Պապին համար սոյն գերեզմանը կը հանդիսանայ չորրորդը ուր Սրբազան Հայրը նախագահեց Օր Մեռելոցի հոգեհանգստեան պատարագը։ 2013, 2014 եւ 2015 տարիներուն Սրբազան Քահանայապետը  այցելութիւն տուած էր  «Վերանօ» գերեզմանին՝ապա 2016-ին այցելած էր «Փրիմա Փորթա» գերեզմանը, հուսկ 2017-ի՝ Օր Մեռելոցի պատարագը մատուցած էր  «Նեթթունօ» քաղաքի ամերիկեան գերեզմանատան մէջ։

Հռոմի Թրիկորիա շրջանի մէջ գտնուող Լաուրենթինօ գերեզմանի օծումը կատարուած է 2002 թուականի մարտ ինին, այդ ժամանակուայ Հռոմի Թեմի Տեղապահ Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինիի ձեռամբ։ 

2012 թուականին գերեզմանատան  մէջ բացումը կատարուեցաւ «հրշտակներու պարտէզին»՝ 600 մք կանաչ տարածք մը յատկացուած անծին մանուկներուն, այսինքն այդ սաղմերուն որոնք վիժումի պատճառաւ երբեք լոյսը չի տեսան։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանէն կը մեկնի յետմիջօրէի 15.15 անց ու Լաուրենթինօ գերեզման կը ժամանէ 15.45-ին ու նախ քան Սուրբ Պատարագի զոհը մատուցելը կ՛ուղղուի «Հրեշտակներու Պարտէզ» ուր պահ մը կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ հուսկ ժամը 4-ին Յարուցեալ Քրիստոսի մատրան առջեւ կը գլխաւորէ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը։

Վատիկան վերադարձին Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ նաեւ Սուրբ Պետրոս Պաիզլիքայի դամբարանը՝ այնտեղ աղօթելով  ննջեցեալ բոլոր քահանայապետերուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2018, 10:51