Որոնել

«TV2000»ի  Ֆրանչիսկոս Պապին «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքի մասին մեկնաբանութիւնները։ «TV2000»ի Ֆրանչիսկոս Պապին «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքի մասին մեկնաբանութիւնները։ 

«TV2000»ի Ֆրանչիսկոս Պապին «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքի մասին մեկնաբանութիւնները։

Տիրամայրը կաշառակերներու Մայր չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ անոնք նոյնիսկ իրենց մայրը կը վաճառեն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պաշտօնական հեռուստակայան «TV2000» ձեռնարկած է Ֆրանչիսկոս Պապին հետ «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքի մասին մեկնաբանութիւններու հաղորդաշար մը, որուն եօթներորդ սփռումի  ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խօսած է կաշառակերներու մասին հաստատելով թէ «Տիրամայրը կաշառակերներու Մայր չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ անոնք նոյնիսկ իրենց մայրը կը վաճառեն, անոնք իրենց ազգի մը, ընտանիքի մը պատկանելիութիւնն ալ կը վաճառեն, ու միայն տնտեսական, մտային կամ քաղաքական շահ կը փնտռեն։ Անոնք անձնասէր ընտրանք կը կատարեն եւ դուռը ներսէն կը փակեն, այնպէս որ Տիրամայրը չի կրնար մտնել։ Անոնք թոյլ չեն տար որ Մայրը ներս մտնէ։ Ասոր համար անոնք կարիքը չունին մօր մը կամ հօր մը…կ՛ապրին  եսասիրութեան մէջ ու այս իրողութեան հայրը սատանան է»։

Քահանայապետը ապա  հրաւիրած է աղօթել կաշառակերներուն համար որպէսզի անոնք անդրադառան թէ աշխարհը իրենցմով չէ սկսած եւ իրենցմով վերջ պիտի չի գտնէ։ Այսուհանդերձ, աւելցուցած է Ֆրանչիսկոս Պապ, Աստուածամայրը կ՛ընկալէ բոլորը ու կ՛ուղեկցի մեր մեղաւորներու ճանապարհին, աղօթելով մեզի համար։ Մեզի կ՛իյնայ ընդունիլ մեղաւորի մեր իրավիճակը ու Մարիամին ըսել «մեղաւոր եմ, սակայն դուն պահպան կանգնիր ինծի» եւ Մարիամ մեզ կը պահպանէ»։

Սրբազան Հայրը ակնարկած է նաեւ իր մանկութեան ըսելով «Մայրս իր հինգ զաւակներու մասին խօսելով կ՛ըսէր. Զաւակներս իմ մատերուս նման են, բոլորն ալ տարբեր են իրարմէ, սակայն մէկ մատիս  ցաւը նման է միւս մատի ցաւին»։ Մատնանշում թէ Տիրամայրն ալ կը ցաւի իր բոլոր զաւակներուն հետ, ինչ վիճակի մէջ ալ որ ապրին անոնք։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2018, 10:14