Որոնել

Շահպազ Պհաթթի Շահպազ Պհաթթի 

Ֆրանչիսկոս Պապ Փաքիստանի «Շահպազ Պհաթթի» ընկերակցութեան. «Կերտեցէք եղբայրութեան կամուրջներ»։

Շահպազ Պհաթթի Փաքիստանցի քրիստոնեայ քաղաքական անձնաւորութիւն մըն էր որ դաժան կերպով սպաննուեցաւ ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 30 նոյեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց «Շահպազ Պհաթթի առաքելութիւն» ընկերակցութեան անդամները։

Շահպազ Պհաթթի Փաքիստանցի քրիստոնեայ քաղաքական անձնաւորութիւն մըն էր որ դաժան կերպով սպաննուեցաւ ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Ընկերակցութեան անդամներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով Շահպազ Պհաթիի եղբօր՝ Փոլ Պհաթիին իրեն ուղղած խօսքերուն համար ըսաւ. «Յարգանքի տուրք կը մատուցեմ քու եղբօրդ յիշատակին եւ ուրախ եմ իմանալու թէ այսօր Ան՝ Փաքիստանցի բազմաթիւ անձերէ յարգուած ու սիրուած է ու թէ անոր զոհաբերումը կը պարգեւէ յոյսի նոր պտուղներ»։ Նման Յիսուսին մանանեխի հատիկի առակին, «պտուղներ երկխօսութեան, հասկացողութեան, հաշտութեան ապա պտուղներ տոկունութեան, քաջութեան եւ հեզութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու մատնանշեց որպէս այդ զոհաբերումի պտուղ՝ քրիստոնեայ ընկերակցութիւններու ծաւալումին։ «Ընկերակցութիւններ որոնք կը կերտեն եղբայրութեան կամուրջներ, գերազանցելով լեզուի, մշակոյթի եւ յաճախ կրօնի պատնէշները» յարեց Սրբազան Պապը քաջալերելով ներկաները յառաջ ընդանալու իրենց այդ աւետարանական ապրելակերպով ու մաղթելով որ անոնց գործունէութիւնը, միշտ աւելիով տարածուի Փաքիստանի բոլոր շրջաններուն մէջ ուր քրիստոնեաները եւ այլ փոքրամասնութիւնները թիրախ են հարստահարումներու ու խտրականութեան։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց վերակոչելով Շահպազ Պհաթիի օրինակը ու անոր հեզ ու արի հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի մէջ, ինչպէս նաեւ անոր կարողութիւնը սէր սերմանելու այնտեղ ուր կայ ատելութիւն։ «Այս մէկը, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեր գործը չէ այլ Սուրբ Հոգիինը եւ ասոր համար է որ կը հայցեմ Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի ձեր սրտերը միշտ բաց պահուին Հոգիին շնորհքներուն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2018, 12:00