Ֆրանչիսկոս Պապին Մայանմար եւ Պանկլատէշ առաքելական ճամբորդութեան տարեդարձը։

Ճամբորդութիւն մը յատկանշուեցաւ մասնաւորապէս Ռոհինճա ցեղախումբի անդամներուն հետ Քահանայապետին ունեցած հանդիպումով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մէկ տարի առաջ 26 նոյեմբեր 2017-ին, սկիզբ կ՛առնէր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Մայանմար եւ Պանկլատէշ։

Ճամբորդութիւն մը յատկանշուեցաւ մասնաւորապէս Ռոհինճա ցեղախումբի անդամներուն հետ Քահանայապետին ունեցած հանդիպումով որուն առթիւ Ան հաստատած էր թէ «Աստուծոյ անունը այսօր Ռոհինճա է»։

«Բոլոր անոնց անունով որոնք ձեզ հալածեցին, ձեզի չարիք հասցուցին, ներում կը հայցեմ» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապ միջազգային այդ «հաշտութեան» ուխտագնացութեան առթիւ արտասանած մէկ ճառին մէջ, մինչ Պուտտիսթ վանականներու հետ ունեցած այլ հանդիպումի ընթացքին շեշտը դրած էր խաղաղութեան հրամայականին վրայ, զայն որակելով «հայեցակարգ մը որ կը ներգրաւէ բոլորը» ապա երիտասարդներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը խրախուսած էր բանալ «փոքրիկ աշխարհի» վանդակի դռները ու ընտրել նոր ուղի մը՝ որ շօշափելի հաշտութեան համար յոյս ներշնչէ։ Յոյս մը որ կ՛ընկալէ եւ կ՛ընդունի նոյնիսկ անոնք որոնք մեզմէ տարբեր են ու տարբեր ձեւով կը մտածեն» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2018, 11:12