Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Լաուրենթինօ գերեզմանին Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Լաուրենթինօ գերեզմանին 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Լաուրենթինօ գերեզմանին մէջ.«Յիշողութիւնն ու յոյսը չի կորսնցնել»։

«Ճանապարհը չի կորսնցնելու համար հարկաւոր է քալել երանութիւններու լոյսին տակ»

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 2 նոյեմբեր 2018-ին, լատինաց մօտ Օր մեռելոցի առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաջին Քահանայապետը ըլլալով, այցելեց Հռոմի Լաուրենթինօ գերեզմանը այնտեղ մատուցելով հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը։

Սուրբ Զոհէն առաջ Սրբազան Հայրը այցելեց ու պահ մը աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ գերեզմանի մէջ գտնուող  «Հրեշտակներու Պարտէզ»ին մէջ, որ յատկացուած է անծին մանուկներուն, այսինքն այդ սաղմերուն որոնք վիժումի կամ ծանր հիւանդութիւններու պատճառաւ երբեք լոյսը չի տեսան։  Սրբազան Քահանայապետը ապա Գերեզմանի Յարուցեալ Քրիստոսի մատրան տարածքին գլխաւորեց հոգեհանգստեան սուրբ պատարագին ի ներկայութեան Եկեղեցական ու Քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ու բազմահազար հաւատացեալներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը որ քաղուած էր Մատթէոս Աւետարանիչէն ուր առաքեալը կը ներկայացնէ Յիսուսին Երանութիւնները։ Անոնցմէ  մեկնելով Քահանայապետը  ներկայացուց կեանքի երեք ծաւալներ՝ ներկան անցեալն ու ապագան։

«Այսօր՝ըսաւ Քահանայապետը յիշատակի օր է։  Յիշատակը զօրեղ կը դարձնէ  ժողովուրդ մը, որովհետեւ ան ինքզինք արմատացած կը զգայ իր ճանապարհորդութեան մէջ, արմատացած պատմութեան, անցեալին եւ կեանքինմէջ»։

«Յիշատակն  է այսօր բազմաթիւ անձերուն որոնք մեր հետ կիսեցին ուղեւորութիւնը եւ այսօր  կը գտնուին այստեղ։ Թէեւ դիւրին չէ յիշատակել զանոնք սակայն այսօր այդ յիշատակը մեզ կը տանի մեր արմատներուն» յարեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ յիշատակ կը  նշանակէ նաեւ յոյս հանդիպումի։ Յոյս նոր Երուսաղէմի՝Երկնային Երուսաղէմը եւ  յոյս  հասնելու այնտեղ ուր կը գտնուի սէրն Անոր որ մեզ ստեղծեց, Հօր սէրը» ըսաւ Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց օրուան աւետարանի երանութիւններուն զանոնք նկատելով «լոյս» մը որ կը լուսաւորէ մեր ընթացքը եւ թոյլ կու տայ որ չի շեղինք անորմէ։

«Այս երանութիւնները՝հեզութիւն, հոգւոյ աղքատութիւն, արդարութիւն, ողորմութիւն ու սրտի մաքրութիւն, լոյսեր են որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները Տիրոջմէ խնդրելու որ մեզի պարգեւէ շնորհքը երբեք չի կորսնցնելու յիշողութիւնը, ապա պարգեւէ շնորհքը յոյսի՝ որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Պապը, յոյսը պարգեւ մըն է տրուած Աստուծմէ։ Ապա Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը հասկնալու եւ ընբռնելու թէ որոնք են լոյսերը որ մեզի կ՛ընկերանան որպէսզի հասնինք այն վայրը ուր կը գտնուի առատ սէր» յարեց Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով իր քարոզը

Վատիկան վերադարձին Նորին Սրբութիւնը այցելեց  Սուրբ Պետրոս Պաիզլիքայի Քարայրը ուր զետեղուած են Քահանայապետերու դամբանները այնտեղ աղօթելով  ննջեցեալ բոլոր քահանայապետերու հոգիներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2018, 09:01