Որոնել

Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի ժողովը Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի ժողովը 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն։

Քահանայապետին պատգամի ընթերցումը կատարուեցաւ 5 նոյեմբերի երեկոյեան, Լուրտի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական ժողովին ընթացքին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի տարեկան լիագումար նիստին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ պատգամ մը յղած է անոնց, որուն մէջ քաջալերած է եպիսկոպոսները վճռակամ յարատեւելու «մանկապղծութեան» ախտին դէմ ձեռք բերուած պայքարի մէջ ու հաւատարիմ մնալու «զեռօ հանդուրժողականութեան» ուղեգիծին՝  ի դէմ բոլոր այն ոճիրներուն որոնք խոր վէրքեր ու զոհեր պատճառեցին»։

Քահանայապետին սոյն պատգամի ընթերցումը կատարուեցաւ՝ երկուշաբթի 5 նոյեմբերի երեկոյեան, Լուրտի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական ժողովին ընթացքին, որուն ծիրէն ներս եպիսկոպոսները կը քննարկեն նաեւ Եկեղեցիէն ներս կղերականներու կողմէ գործադրուած մանկապղծութեան հարցը։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը  կը շօշափէ նաեւ այլ նիւթեր որոնց շարքին երիտասարդներու աւետարանութիւնը, այս ուղղութեամբ հրաւիրելով եպիսկոպոսները «հայցելու Սուրբ Հոգիին շնորհները՝ որպէսզի Եկեղեցին բացուի նոր ուղիներու որոնք կը համապատասխանեն երիտասարդներու սպասումներուն» գրած է Կարդինալ Փարոլին Քահանայապետի անունով Ֆրանսացի եպիսկոպոսներուն յղած պատգամին մէջ որուն աւարտին նշած է թէ «քահանայապետը կը քաջալերէ եպիսկոպոսները, համայն ընկերութեան մէջ խթանելու հանդիպումի մշակոյթը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2018, 15:00