Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Բարթողոմէոս Ա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Բարթողոմէոս Ա 

Ֆրանչիսկոս Պապին Պատգամը Բարթողոմէոս Ա՝ Սուրբ Անդրէասի Տօնին առթիւ։

«Հակամարտութիւններէն յօշոտուած աշխարհի մը մէջ քրիստոնեաներու միութիւնը յոյսի նշան է որ պէտք է միշտ աւելիով փայլի տեսանելի կերպով»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւանդութիւն է որ ամէն տարուայ 29 Յունիսին Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը իր մասնակցութիւնը բերէ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու՝ Հռոմի մէջ կայացած տօնախմբութիւններուն, ապա 30 նոյեմբերին Վատիկանեան պատուիրակութիւն մը, մասնակցի Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան պաշտպան Սուրբ՝ Սուրբ Անդրէասի տօնի տօնակատարութեան։

Այս առթիւ 30 նոյեմբերին Սուրբ Աթոռը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ քրիստոնեաներու միութեան խթանման քահանայապետական խորհուրդի  նախագահ Կարդինալ Քիւրդ Քոխին, ժամանեց  Իսթանպուլ ու մասնակցեցաւ  Սուրբ Անդրէասի նուիրուած Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան տօնակատարութեան։  Սուրբ Աթոռի Պատուիրակութիւնը  Ֆանարի Սուրբ Գէորգ Պատրիարքական եկեղեցւոյ  մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ  Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա –ի նախագահութեամբ մատուցուած  Սուրբ պատարագի արարողութեան, ապա յատուկ հանդիպում ունեցաւ Պատրիարքին հետ ու հանդիպում եւ զեկոյց նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ յարաբերութեան սիւնհոդոսական յանձնախումբի անդամներուն հետ։

Այցելութեան ծիրէն ներս Կարդինալ Քիւրտ Քոխը Բարթողոմէոս Ա-ին յանձնեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մէկ պատգամը, որուն ընթերցումը կատարուեցաւ Սուրբ Պատարագի զոհի աւարտին եւ որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հաստատէ թէ  «հակամարտութիւններէն յօշոտուած աշխարհի մը մէջ քրիստոնեաներու միութիւնը յոյսի նշան է որ պէտք միշտ աւելիով փայլի տեսանելի կերպով»։

Սրբազան Պապը անդրադարձ կատարելով երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոնց համագործակցութեան որոտներուն, շեշտեց միասին աշխատելու հարկաւորութիւնը,  համայն մարդկութեան համար որոնելու խաղաղութիւնը, կանխարգիլելու ամէն տեսակ ստրկութեան ձեւեր, յարգելու մարդկային ամէն մէկ կեանքը եւ արարչութիւնը։

Մատնանշելով ապա Յիսուսի աղօթքին «որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան», Սրբազան Քահանայապետը  հաստատեց թէ «միացած մենք կարող ենք աւելի պատշաճ պատասխաններ տալ մեր ժամանակակից բազմաթիւ մարդոց եւ կիներուն ու յատկապէս անոնց որոնք կը տառապին աղքատութեան, անօթութեան, հիւանդութեան ու պատերազմներու պատճառաւ», այս ծիրէն ներս շնորհակալութիւն յայտնելով Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին այս ուղղութեամբ ցուցաբերած յանձնառումին համար, ակնարկելով Անոր մասնակցութեան, անցեալ Յուլիսին՝ Պարիի մէջ կայացած Միջին Արեւելիքի խաղաղութեան նուիրուած համամիութենական հանդիպումին։

«Հակամարտութիւններէն յօշոտուած աշխարհի մը մէջ քրիստոնեաներու միութիւնը յոյսի նշան է որ պէտք է միշտ աւելիով փայլի տեսանելի կերպով», հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքները ապահովեցնելով Բարթողոմէոս Ա. ապա հայցելով երկու եկեղեցիներու պաշտպան սուրբերու բարեխօսութիւնը ու պատգամը եզրափակեց  նորոգելով Սուրբ Անդրէասի տօնին կապակցութեամբ ամենաբարի մաղթանքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2018, 12:00