Որոնել

Աղքատներուն համաշխարհային Բ օրուայ պատարագ Աղքատներուն համաշխարհային Բ օրուայ պատարագ 

Աղքատներու Համաշխարհային Բ օրուան նուիրուած պատարագի Քահանայապետին քարոզ աղօթքը։

«Տէր մեզի սորվեցուր ըլլալ ազատ ու մեր կեանքի ղեկը միացնել Քու ղեկիդ, որ մղուած է դէպի Աստուած ու դէպի մերձաւորը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 18 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան 10-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ աղքատներուն համաշխարհային Բ օրուան առիթով, հանդիսաւոր Սուրբ պատարագ մատուցացնեց մասնակցութեամբ աղքատներուն եւ չքաւորներուն հոգ տանող կամաւորական կազմակերպութիւններու անդամներուն եւ խնամուող կարիքաւորներուն։

Սուրբ Զոհի ընթացքին ընթերցուեցաւ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ հատուածը

Եւ երբ ժողովրդի բազմութիւնն արձակեց, առանձին լեռ բարձրացաւ աղօթելու համար։ Եւ երբ երեկոյ եղաւ, այնտեղ էր, մենակ։ Նաւակը ցամաքից մղոններով հեռացել էր՝ դէս ու դէն քշուելով ալիքներից, քանի որ քամին դիմացից էր։ Եւ գիշերուայ ուշ ժամին Յիսուս եկաւ նրանց մօտ՝ քայլելով ծովի վրայ։ Երբ աշակերտները նրան տեսան ծովի վրայ քայլելիս, տագնապահար եղան եւ ասացին. «Ինչ-որ ուրուական է». ու սարսափից աղաղակեցին։ Յիսուս իսկոյն խօսեց նրանց հետ ու ասաց. «Սրտապնդուեցէ՛ք, ես եմ, մի՛ վախեցէք»։ Պետրոսը նրան պատասխանեց ու ասաց. «Տէ՛ր, եթէ դու ես, հրամայի՛ր ինձ ջրի վրայով քեզ մօտ գալ»։ Եւ նա ասաց՝ արի՛։ Եւ Պետրոսը նաւակից իջնելով՝ քայլեց ջրի վրայով ու եկաւ Յիսուսի մօտ։ Սակայն տեսնելով ուժգին քամին՝ վախեցաւ։ Եւ երբ սկսեց սուզուել, աղաղակեց ու ասաց. «Տէ՛ր, փրկի՛ր ինձ»։ Եւ իսկոյն Յիսուս երկարեց իր ձեռքը, բռնեց նրան ու ասաց. «Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ երկմտեցիր»։ 3Եւ երբ նրանք նաւակ բարձրացան, քամին հանդարտուեց։ Եւ նրանք, որ նաւակի մէջ էին, մօտեցան, երկրպագեցին նրան ու ասացին. «Արդարեւ Աստծու Որդին ես դու»։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը արտասանած քարոզին ընթացքին մեկնաբանելով կիրակնօրեայ աւետարանը մատնանշեց  Յիսուսին գործադրած երեք արարքներուն։

Առաջին՝ բազմութիւնը արձակել ու քաշուիլ լեր։ Յիսուս հազիւ գործած էր ձուկերու եւ հացերու բազմացումի հրաշքը, սակայն թողուց ամբոխը ու լեր քաշուեցաւ՝ աղօթելու։ Իր այս արարքով Ան մեզի կ՛ուզէ սորվեցնել քաջութիւնն ունենալ թողելու համբաւ ու յաջողութիւններ ու երթալու համար դէպի Աստուած՝ ապա կարիքաւորը։ 

«Քրիստոնեան գիտակից է թէ իր հայրենիքը այլուր է ու թէ ինք պանդուխտ մըն է այս աշխարհին վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով հաւատացեալները Աստուծմէ հայցելու շնորհքը, նմանելու առաջին եկեղեցական հասարակութեան՝ ըլլալով ընթացքի մէջ եկեղեցի մը, որ կաշկանդուած չէ ու հաւատարիմ է ծառայութեան մէջ։

«Տէր մեզի սորվեցուր ըլլալ ազատ ու մեր կեանքի ղեկը միացնել Քու ղեկիդ, որ մղուած է դէպի Աստուած ու դէպի մերձաւորը» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց երկրորդ արարքին՝ ակնարկելով թէ ինչպէս Յիսուս աղօթքէն ետք կ՛ուղղուի իր աշակերտներուն մօտ, զանոնք քաջալերելու համար ու վստահեցնելու թէ Ինք աւելի հզօր է չարիքէն։

«Այսօր եւս Ան մեզի կ՛ըսէ ես եմ մի վախնաք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ մրրիկի ու փոթորիկներու մէջ նաւարկելու գաղտնիքը կը կայանայ Յիսուսը մեր նաւուն վրայ հրաւիրելուն մէջ ու Անոր մեր կեանքին ղեկը յանձնելուն մէջ՝ որպէսզի ինք որոշէ ուղին։

«Միայն Ինքն է արդարեւ որ կարող է կեանք տալ մահուան եւ յոյս ներշնչել տառապանքին մէջ։ Միայն Ինքն է որ կարող է դարմանել սիրտը ներումով, ու ազատել մեզ վախէն ու յուսալքումէն» յարեց ապա Սրբազան Պապը ու խրատեց Յիսուսը հրաւիրել մեր կեանքի նաւուն վրայ, որպէսզի  աշակերտներուն նման  փորձարկենք քամիին  հանդարտութիւնը։ Միայն Յիսուսին հետ մենք եւս կարող կ՛ըլլանք մխիթարելու եւ այսօր մեծ կարիքը կայ մխիթարանքի՝ ոչ թէ խօսքերով այլ կեանքով։ Արիացուր մեզ Տէր, որպէսզի քեզմով մխիթարուած մենք եւս դառնանք ուրիշներու համար մխիթարիչներ։

Իսկ երրորդ արարքը՝ Յիսուս փոթորիկին մէջ  ձեռքը կ՛երկարէ Պետրոսին որ վախով պատուած Յիսուսին կը դիմէ ըսելով «ազատէ զիս Տէր»։  Մենք եւս կարող ենք մենք մեզ դնել Պետրոսին տեղ ու հայցել փրկութիւնը, այս կ՛ըլլայ հաւատքին սկիզբը։ Մէկդի դնել մեր հպարտութիւնը եւ ընդունիլ փրկութեան կարիքաւորի իրավիճակը։ Հաւատքը կ՛աճի այդ պայքարներու մէջ։ 

Պետրոսին ճիչը լսած  Յիսուսէն հայցենք որ լսէ նաեւ աղաղակը անոնց որոնք կ՛ապրին փոթորկալից ջուրերու ներքոյ՝ Աղքատներուն աղաղակը, աղաղակը անծին մանուկներուն, անօթութենէ տառապող անչափահասներուն, պատանիներուն որոնք վարժ դարձած են ռումբերու ձայնին քան խաղերու աղմուկին։ Աղաղակը բացառուած տարեցներուն ու աղաղակն, անոր որ միայնակ է կեանքի փոթորիկին դիմաց։ Ապա աղաղակը անոր որ պարտադրուած է փախչիլ, թողելով տուն եւ ունեցուածք, ուղղուելով դէպի անյայտ ճակատագիր։

Ապա աղաղակը ամբողջ ժողովուրդներուն՝ որոնցմէ կը խլուի նոյնիսկ բնական կենսամիջոցները։ Աղաղակը բազմաթիւ այն ղազարոսներուն որոնք կ՛ողբան ու փշուր մը հաց կը մուրան, մինչ քիչեր մխրճուած են խրախճանքներու մէջ։ Անարդարութիւնը արդարեւ աղքատութեան արմատն է ու աղքատներու ճիչը ամէն օր աւելիով կը դառնայ զօրեղ, սակայն ամէն օր աւելի քիչ ունկնդրուած։

Ի տես ոտնակոխ եղած մարդկային արժանապատուութեան՝ քրիստոնեան կարող չէ մնալ անտարբեր, հաւատացեալը պարտական է ձեռք երկարել Յիսուսին նման։ Նոյնինքն Քրիստոսն է որ աղքատներուն միջոցաւ կը բացագանչէ ու կը պահանջէ ողորմութիւն։ Ան կը խնդրէ որ զինք ճանչնանք անօթիին, ծարաւին, պանդուխտին ու անարժանութեան մէջ ապրողին, հիւանդին ու բանտարկեալին մէջ։

Յիսուս ձեռքը երկարեց, մենք ալ կոչուած են նոյնը ընելու։ Յիսուս կը պահանջէ որ մենք սիրենք ձրիաբար առանց ոչ մի բան ակնկալելու մեր պարգեւածին դիմաց։ Հարց տանք եթէ մեր առօրեային մէջ կ՛ապրինք ձրիութիւնը, որովհետեւ այդ  է միայն Երկինքի մէջ մեր գանձը։

Տէր մեզի եւս երկարէ ձեռքդ։ Օգնէ մեզի որ սիրենք Քեզի նման։ Սորվեցուր հրաժարիլ անցողական իրողութիւններէն ու արիացնել անոնք որոնք մեր շուրջն են, ապա նուիրեն ձրիութեամբ բոլոր անոնց որոնց կարիքի մէջ են։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2018, 11:06