Որոնել

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի 

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Պենետիկտոս ԺԶ նամակները ՝«Ռացինկեր Հիմնարկի» կազմակերպած համագումարին առթիւ։

15 եւ 16 նոյեմբերին Հռոմի ԼՈԻՄՍԱ համալսարանին մէջ Ռացինկեր Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է «Հիմնական իրաւունքներ ու օրէնքներու միջեւ հակամարտութիւն» նիւթին շուրջ միջազգային համագումար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

15 եւ 16 նոյեմբերին Հռոմի ԼՈԻՄՍԱ համալսարանին մէջ Ռացինկեր Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ Լումսա համալսարանի համագործակցութեամբ կազմակերպուած է «Հիմնական իրաւունքներ ու օրէնքներու միջեւ հակամարտութիւն» նիւթին շուրջ միջազգային համագումար մը։

Համագումարին բացման արարողութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու վաստակաւոր Քահանայապետ՝ Պենետիկտոս ԺԶ նամակներ ուղղած են Ռացինկեր Հիմնարկի նախագահ\ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակին սկիզբը իր ողջոյնները փոխանցելով ժողովականներուն անոնց կը մաղթէ  պտղաբեր աշխատանք ապա մատնանշելով մօտ ատենէն յիշատակուելիք Մարդու Իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի որդեգրման 70 ամեակին կը նշէ թէ յարմար է տօնախմբել այդ պատմական իրադարձութեան յիշատակը ու միեւնոյն ատեն խորհրդածել այսօրուայ աշխարհին մէջ մարդու իրաւունքներու մասին։

Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ մատնանշեց վերջերս Դիւանագիտական Մարմնի հետ ունեցած հանդիպումին ու այդ հանդիպման ընթացքին արտասանած ճառին՝ որուն մէջ շեշտը դրած էր  մարդու իրաւունքներու հռչակագիրի վրայ ու այդ իրաւունքներուն մեկնաբանութեան բերումով ի յայտ եկող «նոր իրաւունքներու» վրայ, որոնք յաճախ իրար կը հակասեն ու պատճառ կը դառնան հարցերու ստեղծումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի վերոնշեալ նիւթին հայող  ուսուցումին, ապա մաղթանք յայտնեց որ համագումարը՝ հիմնուելով վաստակաւոր Քահանայապետի վարդապետութեան վրայ ու ներշնչուելով անոր մտածումներէն, կարողանայ սատարել մարդու իրաւունքի պաշտպանութեան ու անոր համապարփակ զարգացումի գործընթացին։

Ֆրանչիսկոս Պապը նամակը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները ու խնդրելով որ զինք յիշեն իրենց աղօթքներուն մէջ։

Իր կարգին Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ՝ Հայր Լոմպարտիին ուղղած նամակին մէջ  գնահատած է Հիմնարկի սոյն ծրագիրը «Հիմնական իրաւունքներ ու օրէնքներու միջեւ հակամարտութիւն» նիւթը  նկատելով այժմէական ու արժանի խորացումի եւ ուսումնասիրութեան։ Վաստակաւոր Քահանայապետը եւս նամակը աւարտած է իր ողջոյնները փոխանցելով ժողովականներուն ու անոնց վստահեցնելով իր աղօթքները որպէսզի Տէրը օրհնէ անոնց աշխատանքը ի ծառայութիւն Եկեղեցւոյ եւ համայն մարդկային ընտանիքի բարիքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2018, 11:13