Լատերանի Համալսարանական տարեշրջանի բացում Լատերանի Համալսարանական տարեշրջանի բացում 

«Համալսարանը խթան ըլլայ պատերազմ յարուցող կղզիացումի դէմ արժէքներու». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը Լատերանի Համալսարանին մէջ ստեղծեց խաղաղութեան գիտութիւններու դասընթացք մը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լատերանի համալսարանի ուսումնական նոր տարեշրջանի բացման առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է Հռոմի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսին, որ Լատերանեան համալսարանի «Աւագ կանցլերն» է, որուն մէջ կը յայտարարէ խաղաղութեան գիտութիւններու դասընթացքի մը ստեղծումը, յատկացուած «այսօրուայ ու ապագայի խաղաղութեան գործիչներու կազմաւորումին»։

Նորին Սրբութեան սոյն նամակին ընթերցումը կատարեց Վատիկանի Պետական Քարտուղարի ընդհանուր գործերու փոխանորդ Գերապայծառ Էտկատ Փենիա Փարրան։

«Ժամանակաշրջանի մը մէջ ուր կը ծաւալի պահանջը կանխարգիլելու եւ լուծելու հակամարտութիւնները, Եկեղեցին՝ որ միշտ յանձնառու եղած է ամէն ջանք դափել մարդիկը ազատելու պատերազմի ու անոր հետեւանքներու ողբերգութենէն, Աւետարանի լոյսին ներքոյ ինքզինք ներգրաւուած կը զգայ՝ ներշնչելու ու թիկունք կանգնելու ամէն տեսակ ձեռնարկներու  որ ժողովուրդներուն եւ ազգերուն կ՛ապահովեցնեն խաղաղութեան ուղեւորութիւնը որ պտուղն է իսկական երկխօսութեան որ կարող է դադրեցնել ատելութիւնը, մէկդի դնել եսասիրութիւնը ու շրջանցել իշխանութեան ձգտումները ինչպէս նաեւ վերջիններուն վրայ տիրապետումը» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը նամակին մէջ որ ապա կը թելադրէ դաստիարակչական ջանք մը՝ վասն ունկնդրութեան եւ հասկացողութեան, արժէքներու ժառանգութեան  ու գործիքներու հետ միասին՝ որոնք կարող են տապալել մեկուսացումի, փակման  եւ իշխանութեան տրամաբանութիւնները, որոնք կը յառաջացնեն  բռնութիւն ու կործանում - դիտել կու տայ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ Եկեղեցին՝  հաւատալի միջնորդ ըլլալու համար «կոչուած է խթանելու խաղաղութեան, համակեցութեան, բնութեան ու կեանքի եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու լուծումը»։

Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ պարտականութիւնը կը յանձնէ հուսկ համալսարանին որ՝ «համապարփակ մարդկայնութեան մը վայր է- կը գրէ Ան - որ կարիքը ունի նորոգուելու եւ հարստանալու, որպէսզի կարենայ արտադրել՝ ժամանակի պահանջին հայող  մշակոյթի մը նորոգում»։  Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը կը յանձնարարէ  «խաղաղութեան գիտութիւններու» պատշաճ կազմաւորում յատկացուած քահանաներու, նուիրեալ անձերու եւ աշխարհականներու, հուսկ նոր դասընթացքը կը դնէ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Սուրբ Պօղոս Զ քահանայապետերու հովանիին տակ. երկու Պապեր որոնք աշխարհի մէջ եղան խաղաղութեան իսկական ծիածաններ եւ որոնք աջակցեցան եկեղեցւոյ խաղաղութեան վարդապետութեան տարածումին։ Ֆրանչիսկոս Պապ նոր դասընթացքը կը յանձնէ ապա Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Խաղաղութեան Մօր բարեխօսութեան, որպէսզի օգնէ լաւապէս ապրելու ու հասկնալու այն եղբայրութիւնը, զոր իր Զաւկին սիրտը կը պահանջէ մեզմէ, եւ որմէ կը բխի իսկական խաղաղութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2018, 10:24