Աղքատներու Համաշխարհային օր Աղքատներու Համաշխարհային օր 

Աղքատներու Համաշխարհային Երկրորդ օրը՝ 18 նոյեմբերին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի 3000 աղքատներու հետ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 18 նոյեմբեր 2018-ին կը նշուի Աղքատներուն նուիրուած համաշխարհային երկրորդ օրը։  Օրը հռչակուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ Ողորմութեան արտակարգ յոբելենական տարւոյն աւարտին՝ 21 նոյեմբեր 2016-ին հրապարակուած “Misericordia et misera” առաքելական նամակով։

Աղքատներու օրուան նախօրեակին՝ շաբաթ 17 նոյեմբերի երեկոյեան, Հռոմի «San Lorenzo fuori le Mura» եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է օրուան պատրաստութեան աղօթքի հանդիպում որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աղքատներու ու կարիքաւորներու հոգ տանող կամաւոր ընկերակցութիւններու անդամները։

Իսկ կիրակի 18 նոյեմբերին՝ աղքատներուն նուիրուած համաշխարհային օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան 10-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը, հուսկ կէսօրուայ Մարեմեան աղօթքէն ետք՝ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի 3000 աղքատներու հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2018, 09:44