Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ի պատրաստութիւն Փանամայի երիտասարդներուն 34-րդ հաւաքին:

Պատգամին բնաբանն է «Ես Տիրոջ աղախին եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն:» (Ղուկ. 1,38):

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փանամայի մէջ կայանալիք երիտասարդներուն համաշխարհային 34-րդ օրուան ի պատրաստութիւն, ֆրանչիսկոս Պապ, չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, Տիրամօր տաճար ընծայման տօնին օրը, պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց երիտասարդներուն որուն բնաբանը հանդիսացաւ Տիրամօր՝ Գաբրիել հրեշտակին տուած պատասխանը «Ես Տիրոջ աղախին եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն:» (Ղուկաս 1,38):

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը նշեց, թէ Նորին Սրբութեան, յիշեալ պատկերասփռուած պատգամը եզրափակումն է , նախորդ տարիներուն՝ 2016, 2017,՝ երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքին նուիրուած Մարեմեան երեք պարբերական պատգամներուն :

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ այս առաջին անգամն է որ Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներուն կ՛ուղղէ լսատեսողական պատգամ մը, (անցեալ տարիներուն Ան միայն գրաւոր պատգամ հրատարակած է ), որպէսզի կարելիին չափ հասանելի ըլլայ երիտասարդներուն ինչպէս նաեւ ընդառաջելու, վերջերս երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսոական սիւնհոդոէն բխած երիտասարդներուն խնդրանքին՝ օգտագործել երիտասարդներուն ծանօթ լեզուային ոճ մը:

Ֆրանչիսկոս Պապ, 2019 Փանամայի երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքի ի պատրաստութիւն պատկերասփռուած պատգամին մէջ ըսաւ.

«Կը մօտենանք, յունուար ամիս՝ Փանամային մէջ կայանալիք երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքին, որ ունի որպէս նիւթ Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ Աստուծոյ կոչին տուած պատասխանը . Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն:»

Անոր խօսքը քաջարի եւ վեհանձն «այո» է : Այո-ն, անոր որ կոչումին գաղտնիքը հասկցաւ, որ է իր անձէն դուրս ելլել եւ ուրիշներուն ծառայել: Մեր կեանքը իր իմաստը կը գտնէ Աստուծոյ եւ մերձաւորին ծառայութիւն մատուցանելու մէջ:

Կան բազմաթիւ երիտասարդներ, հաւատացեալներ եւ ոչ հաւատացեալներ, որոնք իրենց ուսումնական շրջանի աւարտին, փափաք կը յայտնեն ուրիշները օգնելու, բոլոր տառապողներուն բան մը ընել: Սա է երիտասարդներուն ուժը, բոլորին ուժը, այն բանը, որ աշխարհը կը փոխէ: Սա է յեղափոխութիւնը որ կը յաղթահարէ այս երկրագունդի հզօրներու զօրութիւնը, ծառայութեան յեղափոխութիւնը:

Մերձաւորին հանդէպ ծառայասէր գտնուիլ չի նշանակեր լոկ՝ գործարարքի մը պատրաստ ըլլալ, պէտք է Աստուծոյ հետ երկխօսութեան մէջ մտնել՝ ունկնդրութեան միջոցաւ, ինչպէս Մարիամ կատարեց:

Սրտի լռութեան մէջ կայացած , Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ կը բացայայտենք մեր ինքնութիւնը, մեր կոչումը, որուն միջոցաւ Տէրը մեզի կը կանչէ եւ զոր կարելի է արտայայտել տարբեր ձեւերով, ամուսնական, քահանայական, կրօնաւորական կեանքի ձեւերով:

Սա բոլորը ձեւեր են Յիսուսին հետեւելու: Կարեւորը բացայայտելն է, այն ինչ որ Տէրը մեզմէ կ՝ակնկալէ եւ ունենալ քաջութիւնը «այո» ըսելու:

Մարիամ երջանիկ կին է, որովհետեւ վեհանձն ու պատրաստակամ գտնուեցաւ Աստուծոյ ծրագիրին:

Աստուծոյ մեզի կատարած առաջարկները նման են Մարիամի կատարած առաջարկին, անոնք չեն եղած երազները մարելու, այլ փափաքները արթնցնելու՝ այնպէս մը ընելու համար, որ մեր կեանքը պտղաբեր դառնայ ու լիանայ ժպիտներով ու ուրախացնէ սիրտերը: Աստուծոյ, դրականօրէն պատասխանելը, առաջին քայլն է երջանիկ դառնալու եւ բազմաթիւ անձեր երջանկացնելու:

Սիրելի երիտասարդներ, քաջութիւն ունեցէք՝ մտերմութեան մէջ մտնելու եւ Աստուծոյ հարց տալու ի՞նչ կ՝ուզես ինծմէ: Թոյ տուէք, որ Տէրը խօսի ձեզի եւ պիտի տեսնէք որ ձեր կեանքը պիտի կերպարանափոխուի ու ուրախութեամբ պիտի լեցուի:

Երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքին նախօրեակին, ձեզ կը հրաւիրեմ պատրաստուելու ու մասնակցելու բոլոր իրականացուելիք ծրագիրներուն: Ձեզի պիտի օգնեմ այն նպատակին առաջնորդող ուղեւորութեան:

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը ձեզ առաջնորդէ այս ուխտագնացութեան մէջ եւ Անոր օրինակը թող քաջութեան եւ վեհանձնօրէն պատասխանելու մղիչ ուժը հանդիսանայ:

Բարի ուղեւորութիւն դէպի Փանամա: Հաճեցէք մի մոռնաք աղօթել ինծի համար: Ցտեսութիւն:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2018, 12:50