Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 13 նոյեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Տիար Կրեկ Պուրք հաղոդրագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ 2019-ի մարտ 30էն-31, ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ դէպի Մարոք:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդառաջելով Մուհամմետ Դ թագաւորին եւ եպիսկոպոսներուն հրաւէրին, 30-31 մարտ 2019-ին, Առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ դէպի Մարոք, որուն ծիրէն ներս պիտի այցելէ Ռապաթ եւ Քազապիանքա քաղաքները:
Նորին Սրբութեան առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկային: