Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զուիցերիոյ նախագահը Տիար Ալան Պերսէն:

Գնահատուեցաւ Զուիցերական քահանայապետական պահակագունդի Սրբազան Քահանայապետին մատուցած հաւատարիմ ծառայութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 12 նոյեմբերին, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զուիցերոյ նախագահ՝ տիար Ալան Պերսէն : Որմէ ետք Զուիցերիոյ նախագահը հանդիպում ունեցաւ պետկական քարտուղար կարդինալ Փիերթրօ Փարոլինին հետ ներկայութեամբ այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար՝ գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակերին:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի, թէ յիշեալ հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին ընդգծուած է Զուիցերական քահանայապետական պահակագունդի Սրբազան Քահանայապետին մատուցած հաւատարիմ ծառայութիւնը, գնահատուած է երկու կողմերու միջեւ գոյացուած բարի յարաբերութիւնները, մաղթելով որ ընդլայնուի Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան միջեւ գործակցութիւնը ՝երկուստեք հետաքրքրող ոլորտներէն ներս:
Քննարկումի նիւթ եղած է նաեւ Եւրոպայի եւ միջազգային գետնի վրայ՝ երկու պետութիւններուն բաժնեկցած յանձնառումը ՝ ընկերութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքի պաշտպանութեան ի սպաս: Այս շրջագիծէն ներս արծարծուած են գաղթականներուն, պատերազմներու, մարդավաճառութեան եւ հիւլէական զէնքի հայող նիւթեր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2018, 14:05