Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը սրբավայրերու մեծաւորներուն:

Սրբավայրերը առանձնաշնորհեալ աղօթքի վայրեր են:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հռոմի մէջ կայացած սրբավայրերու մեծաւորներուն ու սրբավայրերու մէջ գործող աշխատաւորներու միջազգային համագումարին առթիւ, հինգշաբթի, 29 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց յիշեալ համագումարի մասնակիցները:

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը, անհրաժեշտ նկատեց, եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս, համայն աշխարհի մէջ սրբավայրերու գոյութիւնը, դիտել տալով, որ անոնք վայրեր են՝ ուր ժողովուրդը ամփոփումի մէջ պարզութեամբ իր հաւատքը կ՝արտայայտէ եւ զայն կը կատարէ իր մանկութենէ սորված աւանդութիւններուն համաձայն:

Նորին Սրբութիւն ակնարկեց սրբավայրերու յատկութիւններուն որոնցմէ առաջնակարգ նկատեց՝ ուխտաւորներուն վերապահուած հիւրընկալութեան կարեւորութիւնը, յորդորելով, որ իւրաքանչիւր ուխտաւորի նկատմամբ պէտք է ուշադրութիւն ցուցաբերել, այնպէս մը ընել որ ուխտաւորը ինքզինք իր տան մէջ զգայ, որպէս ընտանիքի անդամ մը, որ երկար ժամանակէ վերջ, տուն կը վերադառնայ: Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ բարեկամական միջավայրը, սրբավայրերուն այն բեղուն սերմն է, որ կրնայ ցանել իւրաքանչիւր ուխտաւորի հողին մէջ, թոյլ տալու համար անոր վերագտնելու եկեղեցւոյ վստահութիւնը:

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ սրբավայրի մասին որպէս աղօթքի վայր դիտել տալով թէ սրբավայրերուն մեծամասնութիւնը նուիրուած է Տիրամօր գթութեան, ուր Տիրամայր իր սիրոյ բազուկները լայն բանալով կ՝ունկնդրէ եւ կ՝ ընդառաջէ իւրաքանչիւր հաւատացեալին աղօթքին աւելցնելով որ սրբավայրին մէջ Տիրամայրը ողբացողին հետ իր արցունքը կը թափէ:

Աղօթքի ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգցծեց եկեղեցական արարողութիւններուն կարեւորութիւնը սրբավայրերէն ներս, դիտել տալով որ անոնց միջոցաւ իւրաքանչիւր ուխտաւոր մաս կը զգայ սփիւռս աշխարհի գտնուող աւելի մեծ հասարկութեան , որ կը դաւանի միեւնոյն հաւատքը եւ կը վկայէ ու կ՝ապրին միեւնոյն սէրը:

Սրբազան հայրը հրաւիրեց որ Սրբավայրերը խթան հանդիսանան հաւատացեալներուն, որ լռութեան մէջ իրենց սրտի խօսքը արտայայտեն Աստուծոյ եւ այս ուղղութեամբ օգնել անոնց դիտել տալով որ շատեր սրբավայր կ՝երթան շնորհք մը ստանալու ակնկալութեամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց որ սրբավայրը առանձնաշնորհեալ վայրն մըն է ուր իւրաքանչիւր հաւատացեալ կը փորձարկէ Աստուծոյ անսահման ողորմածութիւնը եւ այս պատճառով է որ ողորմածութեան յոբելենական արտակարգ տարուան ընթացքին, ուզեց բանալ սրբավայրերուն ողորմածութեան դուռը:

Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւորեց նաեւ խոստովանքի խորհուրդի մակակարումը սրբավայրերէն ներս դիտել տալով որ կարիք ունինք լաւ պատրաստուած եւ սուրբ Քահանաներուն որոնք ողորմած են ու կարող՝ համտեսել տալու Տիրոջ հետ իսկական հանդիպումը, որ ներում է: Ան մաղթանք յայտնեց որ սրբավայրերու մէջ երբեք չպակսին ողորմածութեան առաքելութեան դիմագիծը եւ ճառը եզրափակեց հայցելով Աստուածամայրէն որ զօրակցի սրբավայրերու մեծաւորներուն ու գործիչներուն ու անոնց յանձնուած ծանր պատասխանատուութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2018, 12:30