Որոնել

Lեհաստանի անկախութեան հարիւր ամեակի առթիւ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կոչը Lեհաստանի անկախութեան հարիւր ամեակի առթիւ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կոչը 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Լեհաստանի անկախութեան հարիւր ամեակի առթիւ:

Լեհ ժողովուրդը իր ազատութեան որոնումին մէջ միշտ հիմք ունեցած , բոլոր ազգերու, ժողովուրդներու Տիրոջ հանդէպ ունեցած վստահութեան հաւատքի վրայ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեհաստանի հանրապետութեան անկախութեան հարիւր ամեակի առթիւ, որ կը նշուի կիրակի 11 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Գերապայծառ Սթանիսլավօ Կատեչքիի՝ Լեհատտանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին:

Ուղերձին մէջ Սրբազան Հայրը, համայն լեհ ժողովուրդին համար, Աստուծմէ կը հայցէ հաւատքի, սիրոյ եւ յոյսի շնորհքը, արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու համար ազատութեան թանկարժէք պարգեւը:

Ան ապա անդրադառնալով առաջին աշխարհամարտին աւարտին, Քրիստոնեայ եւրոպային պատմութեան ստեղծման ի սպաս՝Լեհաստանի հոգեւոր եւ մշակութային վաստակին, նշած է թէ Լեհաստանը՝ Ռուսական , Աւստրիական տիրապետութենէն յետոյ վերականգնած է իր անկախութիւնը շնորհիւ անոր անթիւ զաւակներուն զոհողութեան :

Սրբազան Հայր յիշելով Սուրբ ՅՊԲ-ի խօսքը գրած է թէ, Լեհ ժողովուրդը, ազատութեան որոնումին մէջ հիմնուած է , բոլոր ազգերու, ժողովուրդներու Տիրոջ հանդէպ ունեցած վստահութեան հաւատքի վրայ, նոյն այս հաւատքն է , որ խթան հանդիսացաւ անկախութեան վերականգման, այն ժամանակ ուր բազմազանութիւն կը տիրէր եւ պէտք էր միութիւնը փնտռել, Լեհաստանի կառուցման եւ անոր սահմաններուն պաշտպանութեան ի սպաս:

Սրբազան Հայրը ապա յանուն Լեհաստանի եկեղեցւոյ եւ Լեհ համայն ժողովուրդին, Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնէ ՝ Լեհ ժողովուրդին թիկունք կանգնելու համար, համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին, Լեհաստանի մէջ սովետական եւ նացիական տիրապետութեան ժամանակ:

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական ուղերձը աւարտած է յանձնելով համայն լեհ ժողովուրդը Լեհաստանի թագուհի՝ Ժասնա Կորա, Տիրամօր Հովանիին, հայցելով Աստուածային օրհնութիւնը, համայն Լեհ ազգին խաղաղութեան ու բարգաւաճման համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2018, 10:45