Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կոյրերու առաքելական շարժումի անդամները:

Մարդկութեան ապագան կը կայանայ բաժնեկցութեան եւ բարեկամութեան մէջ մասնաւորապէս աղքատներուն եւ լքուածներուն հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 17 նոյեմբերին՝առաւօտեան, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ ընդունեց կոյրերու առաքելական շարժումի աւելի քան 400 անդամներ:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ յիշեալ առաքելական շարժումի պատմութեան, ործնունդ առած է 90 տարիներ առաջ ՝ Հռոմի մէջ, Արժանթինցի Մարի Մոթթա անունով կոյր կնոջ մը կողմէ որ ապա ճանչցուած է Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին կողմէ եւ այսօր տարածուած է ոչ միայն Իտալիոյ այլ համայն աշխարհի մէջ:

Նորին Սրբութիւնը ապա կոյրերու շարժումի հիմնդադրուհիին գործը նկատելով մարգարէական արարք նշեց, թէ անոր նպատակն էր կազմել հաշմանդամներուն խումբ մը, որոնք իրենց հաշմանդամութեամբ հանդերձ կարող են իրենց հաւատքը վկայել՝ հիմնուած սիրոյ վրայ:

Ան շեշտեց, որ սիրոյ զէնքը լաւագոյն պատասխանն է ՝ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն որոնք յաճախ մեկուսացուած են ժամանակից ընկերութեան մէջ՝ընդգծեշով որ այն չափով որ ընկալուած ու սիրուած ենք, նոյն չափով ներգրաւուած ենք ընկերութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւն յարեց թէ յիշեալ կոյրերու առաքելական շարժումը, իր 90 տարուան պատմութեան ընթացքին լաւապէս հասկցաւ եկեղեցւոյ՝ կոյրերու շարժումին յանձնած շնորհապարգեւը, որ է կոյրերեու եւ տեսնողներուն միջեւ բաժնեկցութիւնը, ինչպէս նաեւ աղքատներուն ընտրանքը, որ համայն եկեղեցւոյ ընտրանքն է-դիտել տալով որ կոյրերու շարժումը, այսպէս գործելով կ՝աճեցնեն աղքատներուն ի սպաս աղքատ եկեղեցի մը նպաստելով աւետարացնումի գործընթացին:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովէն ետք յիշեալ շարժումի արձանագրած յաջողութիւններուն, որոնք տարածուած են ոչ միայն Իտալիոյ մէջ այլեւ բոլոր աշխարհին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց,աղքատ քաղաքներուն մէջ շարժումի տածած առաքելական աշխատանքներու համար՝ ըլլայ առողջապահական ըլլայ ըլլայ դաստիարակչական մարզերէն ներս նպաստելով ընկալումի մշակոյթի տարածման:

Սրբազան հայրը խօսքը եզրափակեց քաջալերելով կոյրերու առաքելական շարժումի անդամները վստահութեամբ եւ յարատեւութեամբ շարունակելու իրենց ուղեւորութիւնը, այն գիտակցութեամբ որ մարդկութեան ապագան կը կայանայ բաժնեկցութեան եւ բարեկամութեան մէջ մասնաւորապէս՝ աղքատներուն եւ լքուածներուն հետ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2018, 11:02