Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Աստուած վերջիններուն կողքին է:»

Յիսուս կը դատապարտէ կրօնական դրդապատճառներու վրայ հիմնուած, յետին աղքատութեան մէջ ապրողներուն նեղութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աստուած վերջիններուն կողքին է։ Որպէս հեզ ու վեհանձն նուէր, ամբողջութեամբ պէտք ենք նուիրուիլ Տիրոջ եւ մեր եղբայրներուն։ Պէտք չենք բաւարարուիլ փոքրիկ բան մը նուիրելով։

Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, կիրակի 11 նոյեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն կատարած Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան յորդորը։

Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով օրուան Ղուկաս աւետարանէն քաղուած սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի դպիրներու եւ աղքատ այրի կնոջ մասին, որ տաճարի գանձանակի մէջ կը դնէ իր բոլոր ունեցածը՝ երկու լումաներ, Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց դպիրներուն եւ այրի կնոջ վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ցոյց տուաւ որ դպիրները կը ներկայացնեն կարեւոր, հարուստ, եւ ազդեցութիւն բանեցնող անձերու դասակարգը, մինչ այրի կինը կը ներկայացնէ աղքատներու յետիններու, դիւրաբեկներու դասակարգը։

Ան ապա դիտել տուաւ, որ դպիրները, ինքզինքին ցոյց տալու համար երկար ժամանակ կ՝աղօթեն եւ Աստուած շահագործելով կը ներկայանան որպէս Անոր օրէնքին պաշտպանները։

Դպիրները իրենց գերակայ եւ ունայն կեցուածքով կը թերագնահատեն ,կը նուաստացնեն տնտեսական տագնապի կամ աղքատ վիճակին մէջ գտնուող անձերը, ինչպէս է պարագան այրի կնոջ։

Սրբազան Հայրը հուսկ դիտել տուաւ, որ Յիսուս կը դիմակազերծէ այս չարամիտ կազմուածքը։ Յիսուս կը դատապարտէ կրօնական դրդապատճառներու վրայ հիմնուած՝  չքաւորներուն կրած նեղութիւնները, ըսելով, որ Աստուած վերջիններուն կողքին է։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտը դնելով անձնուիրումի կարեւորութեան վրայ, անդրադարձաւ այրի կնոջ ըսելով, այրի կինը որ տաճարին գանձանակին մէջ դրաւ այն ինչ որ ունէր՝ երկու լումաներ, զայն կատարեց ծածուկ կերպով գրեթէ ամչնալով: Սա հեզութեան արարքն մըն է որ լի է կրօնային եւ հոգեւոր իմաստով: Այրի կնոջ այս զոհողութեան ժեսթը, չի վրիպիր Յիսուսի ուշադիր աչքերէն ։ Յիսուս անոր մէջ տեսաւ անձնուիրումի պարգեւը, եւ այս մասին ուզեց խօսիլ իր աշակերտներուն՝ դաստիարակելու համար զանոնք:

Սրբազան Պապը դիտել կու տայ, որ Յիսուսի այս ուսուցումը մեզի կ՝օգնէ վերականգնելու այն ինչ որ էական է մեր կեանքին մէջ:

Ան յարեց թէ Տիրոջ կշիռքները տարբեր են մեր կշիռքներէն։ Տէրը, անձերն ու անոնց ժեսթերը տարբեր ձեւով կը կշռէ։ Աստուած չի կշռեր քանակը, այլ կը կշռէ որակը։ Աստուած սիրտը կը շարժէ անոր մէջ տեսնելու համար դիտաւորութիւններուն մաքրութիւնը։ Սա կը նշանակէ թէ աղօթքի միջոցաւ՝ Աստուծոյ տալը եւ եղբայրասիրական արարքներով՝ ուրիշներուն բան մը տալը, պէտք է զուրկ ըլլան ձեւապաշտութենէ ինչպէս նաեւ հաշիւներու տրամաբանութենէն եւ պէտք է անոնք կատարուին անշահախնդիր արտայայտութեամբ, ինչպէս որ Յիսուս մեր հետ գործեց. Յիսուս անշահախնդիր կերպով մեզ փրկեց ուստի՝ մենք եւս մեր կարգին նոյնպէս պէտք ենք կատարենք:

Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրեց, այրի կինը ՝մեր քրիստոնէական կեանքին որպէս տիպար ունենալ:

«Չենք գիտեր այրի կնոջ անունը, սակայն կը ճանչնանք անոր սիրտը։ Զինք պիտի տեսնենք երկինքի մէջ եւ պիտի երթանք բարեւենք անոր։

Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ յորդորելով, այն ժամանակ, երբ մենք մեզի գերադասելու փորձութեան մէջ կը գտնուինք կամ մեր բարի արարքները հաշուելու տրամաբանութեան կ՝ենթարկուինք, պէտք ենք ի միտի ունենալ այրի կինը. Ան մեզ պիտի օգնէ մերկանալու մակերեսային երեւոյթներէն եւ երթալու ուր իսկապէս կ՝արժէ երթալ:

Ողջոյն քեզ Մարիամի աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած Հայր Իլլերա Տէլ Օլմոյի եւ իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար սպաննուած 15 մարտիրոսներու երանացումը, հաստատելով որ անոնք Տիրոջ քաջ վկաները հանդիսացան։

Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց, թէ յառաջիկայ կիրակի օր պիտի նշուի աղքատներուն համաշխարհային երկրորդ օրը, որուն ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան աւետարանցումի, աղօթի եւ բաժնեկցութաեն անթիւ ձեռնակները։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը նշեց նաեւ թէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ պիտի տեղադրուի ժամանակաւոր կերպով շարժուն բուժարան մը ՝խնամք տանելու համար դժուարութեան մէջ գտնուող անձերը, մաղթելով ,որ աղքատներուն համաշխարհին օրը նպաստէ՝ յետիններուն- մեկուսացեալներուն ու անօթիներուն ուշադրութիւն ցուցաբերելու:

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց նաեւ սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող Լեհ ուխտաւորները, Լեհաստանի հանրապետութեան անկախութեան հարիւր ամեակը առիթով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2018, 08:32