Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Երուսաղեմի Սուրբ Գերեզմանի Ձիաւոր ասպետներու կարգի անդամներուն:

Արեան մարտիրոսութիւնէն զատ կայ նաեւ «ճերմակ մարտիրոսութիւն» որ է ժողովրդավար երկիրներուն մէջ կրօնային ազատութեան սահմանափակումը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 16 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Երուսաղեմի Սուրբ Գերեզմանի Ձիաւոր ասպետներու կարգի անդամները, Հռոմի մէջ գումարած անոնց հնգամեայ ընդհանուր Ժողովին առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպման առթիւ անոնց ուղղած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք ներկաները ու աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ գործող ասպետական կարգի համայն ընտանիքին անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեց սուրբ երկրի բնակչութեան ի սպաս անոնց կատարած բազմազան հոգեւոր , եղբայրսիրական գործունէութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ հովուական ծառայութեան ծիրէն ներս ցուցաբերած աջակցութեան համար, քաջալերելով զանոնք յարատեւելու Երուսաղեմի Լատին Պատրիարքութեան թիկունք կանգնելու մէջ ՝դիմագրաւելու համար վերջին հինգ տարուան ընթացքին, տարածաշրջանին մէջ աճ արձանգրած գաղթականներուն մարդկայնական տագնապին հարցերը:

Նորին Սրբութիւնը ապա բարձր արժեւորեց ասպետական կարգին կրթական եւ առողջապահականն մարզէ ներս ձեռնարկած բազմաթիւ ծրագիրները որոնք նպատակաուղղուած են անխտիր բոլորին՝ անկախ կրօնային եւ համայնքային պատկանելիութենէն։ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ որ այսպէս գործելով անոնք պիտի հարթեն քրիստոնեաներուն արժանիքները ծանօթանալու ուղին ինչպէս նաեւ պիտի նպաստեն միջ-կրօնայի երկխօսութեան զարգացման ու փոխադարձ յարգանքի ու փոխըմբռնումի գործընթացին:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց ասպետական կարգի անդամներուն հոգեւոր աճումի կարեւորութեան վրայ, դիտել տալով որ ասպետական կարգի պատասխանատուներուն պարտականութիւն է օրինակ դառնալ Տիրոջ հետ հոգեւոր եւ շօշափելի սերտ յարաբերութեան, յանձնարարելով անոնց որ իրենց աշխարհասփիւռ կատարած առաքելութեան կեդրոն եւ նպատակ ունենան մերձաւորին հանդէպ Աւետարանի սէրը՝ ամենուրեք վկայելու համար այն բարութիւնը ու հոգատարութիւն, զոր Աստուած կը սիրէ:

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով աշխարհի մէջ հալածուած ապա սպաննուած քրիստոնեաներուն ողբերգական կացութեան, դիտել տուաւ որ արեան մարտիրոսութիւնէն զատ կայ նաեւ «ճերմակ մարտիրոսութիւն» որ է ժողովրդավար երկիրներուն մէջ կրօնային ազատութեան սահմանափակումը:

Ան ապա յորդորեց ներկաները, որ տառապանքի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն հասցէագրուած իրեն նիւթական օգնութեան զուգահեռ, աղօթեն եւ միշտ բարեխօսութիւն հայցեմ Պաղեստինի Տիրամօր որ հոգատար ու Քրիստոնեաներուն օգնութեան Մայր է:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց մաղթելով ասպետական կարգին բոլոր անդամներուն ու պատասխանատուներուն, որ Հալածուած քրիստոնեաներուն Տիրամօր Սրբապատկերը առաջնորդ հանդիսանայ անոնց ուղեւորութեան:

Հրաւիրեց ներկաները Սուրբ Կոյս Մարիամ բարեխօսութիւն հայցել սուրբ Երկրի եկեղեցւոյ եւ Միջին Արեւելքի համար ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնց կեանքն ու ազատութիւն խաթարուած են:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2018, 13:30