Ռաքքայէն առնուած լուսանկար Ռաքքայէն առնուած լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապի նամակը տառապեալ Սուրիոյ մէջ գործող ֆրանչիսկեան կղերականներուն

«Ինչքան տառապանք, ինչքան չքաւորութիւն, ինչքան տառապող Յիսուսի վիշտ, որ աղքատ է, որ իր հայրենիքէն վտարուած է: Սա Յիսուսն է: Սա խորհուրդ է»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վերջերս ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նամակ մը ստացած էր, Սուրիոյ մէջ գործող Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ Հայր Հաննա եւ Հայր Լուէ երկու կղերականներուն կողմէ՝ , որոնք նորին Սրբութեան ուղղած նամակին մէջ վկայութիւններ տուած են պատերազմներով յօշոտուած տառապեալ Սուրիոյ մէջ իրենց առաքելութեան մասին:

Ի պատասխան յիշեալ կղերականներուն նամակին Ֆրանչիսկոս Պապ անոնց ուղղած իր գիրին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, տառապեալ Սուրիոյ մէջ Ֆրանչիսկեան կղերականներուն տուած վկայութիւններուն համար:

Ան ապա իր փափաքը կը յայտնէ կիսելու կղերականներուն եւ համայն Սուրիոյ ժողովուրդին տառապանքները- ապահովեցնելով անոնց իր մօտիկութիւնը

Նորին Սրբութիւն նամակին մէջ կը գրէ «Ինչքան տառապանք, ինչքան չքաւորութիւն, ինչքան տառապող Յիսուսի վիշտ, որ աղքատ է, որ իր հայրենիքէն վտարուած է: Սա Յիսուսն է: Սա խորհուրդ է: Սա մեր քրիստոնեայ խորհուրդն է: աւելցնելով «Ձեր եւ ձեր սիրած Սուրիոյ բնակչութեան մէջ Յիսուսին տառապանքը կը տեսնեմ»:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով մարտիրոսութեան վրայ կը գրէ.

Մարտիրոսները անոնք են որ յառաջ կը տանին Աստուծոյ արքայութիւնը. Անոնք քրիստոնեաներ կը մշակեն ապագային համար. Անոնք իսկական ուրախութիւնն են թէ մեր եկեղեցւոյ եւ թէ մեր յոյսին:

Մարտիրոսութեան այսպիսի վկայութիւնը մը, ազդարարութեան նշան կը նկատուի՝ չմոլորուելու փոթորիկին մէջ:

Ոչ քիչ անգամ ծովը մեզի վերապահած է մրրիկը, սակայն գոյութենականութեան ծովաշարժէն մեզի կը հասնի Փրկութեան անսպասելի նշան մը: Մարիամ Տիրոջ Մայրը ապշահար, լռութեան մէջ կը նայի անմեղ խաչուած Որդիին, որ կը լիացնէ կեանքի ու ժողովուրդի փրկութեան իմաստը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա Սուրբ Պատարագի հաղորդութեան միջոցաւ իր իր աղօթքը կ՝ապահովէ կղերականներուն, որպէսզի անոնց աննկարագրելի ցաւը դառնայ Աստուածային յոյս, որուն մասին Սուրբ Պօղոս կը վկայէ Հռոմէացիներուն ուղղած նամակին մէջ: «Ով կրնայ մեզ հեռացնել Քրիստոսի սէրէն. անձկութիւնը, հալածանքը, մերկութիւնը- անօթութիւնը, վտանգը ,սուրը»:

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը կ՝եզրափակէ հայցելով Սուրբ Կոյս Տիրամայրէն, որ իր շնորհքի վերարկուին ներքեւ պահապանէ կղերականներն ու համայն Սուրիացի ժողովուրդը ապա բոլորին կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնները :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2018, 13:05