Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ասորի եկեղեցւոյ պատրիարք գերերջանիկ Կէուարկիս Գ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ասորի եկեղեցւոյ պատրիարք գերերջանիկ Կէուարկիս Գ 

Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ասորի եկեղեցւոյ պատրիարք գերերջանիկ Կէուարկիս Գ միասնական յայտարարութիւնը:

Չէ կարելի երեւակայել միջին արեւելքը առանց քրիստոնեաներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 9 նոյեմբերին, Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք Կէուարկիս Գ պատրիարքին Վատիկան կատարած այցելութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու Պատրիարքը ստորագրեցին միասնական յայտարարութիւն մը որուն մէջ գոհութիւն յայտնած են Ամենասուրբ Երրորդութեան, Ասորի եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ, հաւատքի եւ սիրոյ մէջ աճած մօտիկութեան համար:

Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է 1984-ին, ՅՊԲ պապին եւ Մար Տինքա Դ Պատրիարքին կողմէ որդեգրուած երկխօսութեան ճանապարհին համար, որոնք կը հաստատեն թէ սովորութիւններու եւ կարգապահութիւններու տարբերութիւնը, ոչ մի կերպով կրնայ արգելք հանդիսանալ միութեան , մաղթանք յայտնելով որ երկու եկեղեցիներուն միջեւ կատարուած Աստուածաբանական երկխօսութիւնը կարենայ օգտակար դառնալ՝ հարթելու համար այր ուղին ուր օր մը երկու եկեղեցիները միասնաբար պիտի կարենան Պատարագ մատուցել միեւնոյն խորանին վրայ:

Անդրադարձ կատարուած է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ քոյրերու եւ եղբայրներուն ողբեգակագան իրավիճակի մասին, յատուկէն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, նկատել տալով որ Յիսուսի բարի լուրը հասած է Միջին Արեւելքէն եւ դարերու հոլովոյթին գրաւած է մարդոց սիրտերը եւ թէ այդ կատարուած է շնորհիւ Խաչի անզէն զօրութեան եւ ոչ թէ աշխարհի հզօրութեան:

Յայտարարութեան մէջ ցաւ արտայայտուած է Միջեւ Արեւելքի մէջ հազարաւոր այրերու, կիներու, մանկուկներուն համար որոնք կը շարունակեն տառապիլ բռնութիւններուն պատճառաւ- նկատել տալով որ անոնց մէջ երկու եկեղեցիները կը տեսնեն Յիսուս Քրիստոսի մարմինը, ապահովուելով իրենց աղօթքը տառապողներուն համար եւ նշելով թէ միջին արեւելքի մէջ եղբայրներուն եւ քոյրերուն տառապանքը ներշնչումի աղբիւր է հետեւելու Յիսուսի ուղիին յաղթահարելու համար թշնամութիւնը:

Ի տես միջին արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ողբերգական կացութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է որ երկու եկեղեցիները իրենց կարելին պիտի ընեն ամոքելու համար այդ եղբայրներուն ցաւերը եւ վերսկսելու համար նոր կեանք՝ հաստատելով որ չէ կարելի երեւակայել միջին արեւելքը առանք քրիստոնեաներուն:

Յայտարարութեան աւարտին կը նշուի թէ երկու եկեղեցիները համոզուած են այն իրողութեան որ միջին արեւելքի մէջ քրիստոնեաները պիտի կարենան գոյատեւել լոկ՝ այդ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման միջոցաւ եւ այս դիտաւորութեան երկու եկեղեցիները աղօթք պիտի բարձրացնեն առ Քրիստոս՝ խաղաղութեան իշխանին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2018, 13:18