Որոնել

Ջուր կրած մանուկը մը լուսանկարը Ջուր կրած մանուկը մը լուսանկարը 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Մեռնիլ ջուրի պակասի պատճառով 21 դարու մարդկութեան ամօթալի մեծ երեւոյթ մըն է:»

Մարդու կեանքին համար ջուրը հիմնական է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 8 նոյեմբեր 2018-ին, նախաձեռնութեամբ քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացման խորհուրդի եւ համագործակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Մոնաքոյի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն, Հռոմի քահանայապետական Ուրպանիանա համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հասարակաց բարիքի մը մատակարարումը, բոլորին համար խմելիք ջուրը մատչելի դարձնել» բնաբանով համագումար, որուն ելոյթ ունեցողներուն շարքին եղան նաեւ վերոյիշեալ քահանայապետական ժողովին կառավարիչ՝ կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, ժողովի անդամ՝ Պրունօ Մարի Տուֆէ ինչպէս նաեւ ժողովին քարտուղարը՝ գերապայծառ Սիլվանօ Մարիա Թոմազին:
Այս առթիւ համագումարի մասնակիցներուն յղած պատգամին մէջ սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հասարակաց բարիքի մատակարարման ի նպաստ կազմակերպուած համագումարին համար, ապա անդրադառնալով խմելիք ջուրին կարեւորութեան որ հիմնական է մարդու կեանքին համար, նկատել կու տայ որ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տակաւին բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր զուրկ են արժանավայել կեանքէ՝ խմելիք ջուրի պակասութեան պատճառաւ, ինչ որ 21-րդ դարու մարդկութեան համար ամօթալի մեծ երեւոյթ մըն է: գրած է Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ շատ մը երկիրներու մէջ, ուր խմելիք ջուրը տակաւին մատչելի չէ, չեն պակսիր ռումբերու եւ զէնքերու մատակարարումը՝ մարդու կեանքը վատթարացնող իրողութիւններ :
Սրբազան Հայրը ապա նկատել տալով որ կարգ մը երկիրներուն մէջ կաշառակերութիւնը եւ բացառումի տնտեսական շահագրգռութիւնները, կը գերակշռեն մաքուր ջուրը մատչելի դարձնելու զօրակցութեան ջանքերուն, կը հրաւիրէ միջազգային հաստատութիւնները, դաստիարակչական եւ ֆինանսական կազմակերպութիւնները ամէն ջանք տանելու, մաքուր ջուրի մատչելի դարձնելու համար, կառոյցներու իրականացումով, խնամելով վտանգի մէջ գտնուող ժողովուրդները , որոնց շարքին գաղթականները յիշելով միշտ Աւետարանէն եւ առողջ մարդաբանութիւնէն բխած բարոյական սկզբունքները, որոնք իւրաքանչիւր անհատ կ՝առաջնորդէ յանձնառու դառնալու , հասարակաց բարիքը հասանելի դարձնելու համայն մարդկային ընտանիքին:
Սրբազան Հայրը ապա մէջբերելով Յիսուսիս խօսքը «Ծարաւեցայ եւ դուք եւ դուք չխմցուցիք ինծի» նկատել կու տայ որ իւրաքանչիւր ծարաւի մարդու մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ պատկերը :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2018, 14:53