Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Մարեմեան Աղօթք «Աստուծոյ թագաւորութիւնը հիմնուած է սիրոյ վրայ »։

«Աստուած սէր է եւ կ՛ուզէ աշխարհի մէջ հաստատել սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան թագաւորութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի՝ 25 նոյեմբեր 2018-ին, Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր ծիսական տօնը որուն առթիւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած  Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան  աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ յայտնեց թէ սոյն Տօնը զետեղուած է լատին ծէսի ծիսական տարւոյն աւարտին խորհրդանշելու համար թէ արարչութեան կեանքը ունի վերջնական նպատակ, այն է «Քրիստոսի վերջնական յայտնութիւնը որպէս Տէր՝ արարչութեան եւ պատմութեան»։

Մարեմեան Աղօթք

Քահանայապետը ակնարկեց ապա օրուան Աւետարանին որ քաղուած էր  Յովհաննէս Աւետարանիչն, ուր Պիղատոս Յիսուսին հարց կու տայ եթէ իսկապէս ինքն է հրեաներու Թագաւորը։ Սոյն հարցումին Յիսուս նախ կը պատասխանէ թէ իր թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ, ապա Պիղատսի պնդումին վրայ կ՛ըսէ « դուն կ՛ըսես որ Թագաւոր եմ»։

Բացայայտ է թէ Յիսուս ոչ մէկ քաղաքական ձգտում ունէր։ Անոր համար թագաւորութիւնը այլ իրականութիւն մըն է եւ չի իրականանար յեղափոխութեան, բռնութեան ու զէնքի ուժով։ Ան արդարեւ կը հաստատէ «եթէ իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն ըլլար իմ մարդիկս կը պայքարէին ինծի համար որպէսզի հրեաներու ձեռքը չ՛իյնայի»»

Յիսուս կ՛ուզէ մեզի հասկցնել թէ քաղաքական իշխանութենէն վեր կայ աւելի բարձր հեղինակութիւն մը, որ չունի մարդկային տրամաբանութեամբ ձգտումներ։ Ինք աշխարհ եղաւ այդ իշխանութիւնը բանեցնելու եւ այդ իշխանութիւնը  ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սէր՝ վկայելով ճշմարտութիւնը։

«Աստուած սէր է եւ կ՛ուզէ աշխարհի մէջ հաստատել սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան  թագաւորութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ զէնքերու վրայ հիմնուած իշխանութիւնները ուշ կամ կանուխ կը փլուզուին մինչ Աստուծոյ թագաւորութիւնը որ հիմնուած է սիրոյ վրայ կը խարսխուի սրտերուն մէջ, զայն ընկալողներուն նուիրելով՝ անդորրութիւն, ազատութիւն եւ կեանքի լիութիւն։

«Յիսուս այսօր մեզմէ կը խնդրէ  մեր Թագաւորը դառնալ։ Թագաւոր մը որ իր օրինակով ցոյց կու տայ ճանապարհը։ Թագաւորութիւն մը որ սակայն այս աշխարհէն չէ», յարեց Սրբազան Հայրը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ Յիսուսը ընկալելու մեր կեանքի  ու պատմութեան մէջ որպէս Թագաւոր, վկայելով անոր ճշմարտութիւնը՝ որ է սէր։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Պապը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները վերյիշելով Ուքրանիոյ մէջ երէկ յիշատակուած «Հոլոտոմորի» ողբերգութիւնը ու կոչ ուղղելով որ այդպիսի դաժան իրողութիւններ երբեք չի կրկնուին ու հրաւիրելով հաւատացեալները «աղօթելու Ուքրանիոյ համար որ այնքան կարիքն ունի խաղաղութեան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա  զանազան վայրերէն  հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը ողջունելէ ետք բոլորին բարի կիրակի ինչպէս մէջ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2018, 12:09